Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` սէուտցի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ հնդիկ եւ էմիրաթցի պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ կատարելու համար:
«Էմիրաթցի եւ հնդիկ պաշտօնակիցներս եւս ժողովներու ծիրին մէջ Սէուտական Արաբիա պիտի գան, որպէսզի կարենանք Նիւ Տելհիի, Ծոցի, Միացեալ Նահանգներու եւ շրջանի մնացեալ երկիրներուն հետ գործակցութեան նոր ժամանակաշրջաններու վերաբերեալ քննարկում կատարել», ըսաւ Սալիվըն` աւելցնելով. «Եմէնի կացութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունենալիք քննարկումներուն մաս պիտի կազմէ»:
Սալիվըն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի խնդիրներուն` Իրանէն Սուրիա եւ Իրաք` հասնելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին:
«Միջին Արեւելքի շրջանին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը չի սասանիր», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն:


