Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ տասը տարի առաջ կորսուած ամերիկացի լրագրող Օսթին Թայսի հարցով եռանդուն հաղորդակցութիւններու մէջ է Սուրիոյ եւ այլ պետութիւններու հետ»:
Պլինքըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու հետ Օսթընի հարցով աշխուժ հաղորդակցութիւններ կը կատարենք: Կը ջանանք զինք հայրենիք վերադարձնելու ձեւ մը գտնել եւ պիտի չդադրինք, մինչեւ որ ատիկա իրագործուի»:
Միւս կողմէ, Ամերիկեան ջանքերուն քաջածանօթ Միջին Արեւելքի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են. «Պայտընի վարչակազմը վերսկսաւ Թայսի եւ այլ ամերիկացիներու հարցով Սուրիոյ հետ ուղղակի բանակցութիւններուն»:
Սպիտակ տան բանբեր Քարեն Ժան-Փիեռ, պատասխանելով Թայսի մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ չի կրնար որեւէ ժողով հաստատել:
Նախկին նաւազ, անկախ լրագրող Օսթըն Թայս առեւանգուած է օգոստոս 2012-ին, երբ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ ըմբոստութեան կը հետեւէր: Անոր ընտանիքը կը կարծէ, որ ան տակաւին ողջ է եւ արգելափակուած Սուրիոյ մէջ: Որեւէ կողմ չէ ստանձնած անոր առեւանգման պատասխանատուութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարի յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն «հաստատ կերպով» գիտէ, թէ սուրիական կառավարութիւնը որոշ ժամանակ արգելափակած է Թայսը, սակայն սուրիական կառավարութիւնը հերքեց Թայսը առեւանգած կամ արգելափակած ըլլալը:


