Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Ազրպէյճանի դիտարկման համազեկուցողներ Իյըն Լիտըլ-Կրէյնճըր (Բրիտանիա) եւ Լիզ Քրիսթոֆերսեն (Նորվեկիա) եւ Հայաստանի դիտարկման համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիունեն (Ֆինլանտա) եւ Պորիանա Ապերկ (Շուէտ) հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը:
«Կը վերահաստատենք 16 դեկտեմբեր 2022-ին հրապարակուած` Լաչինի միջանցքին մէջ ազատ տեղաշարժի վերականգնման մեր կոչը եւ կը յիշեցնենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 21 դեկտեմբեր 2022-ի որոշումը` համաձայն դատարանի կանոնակարգի 39-րդ կանոնի, եւ հրամանը, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 22 փետրուար 2023-ին որդեգրուած որոշումը: Վերջինս կը նշէ, որ «Ազրպէյճան պէտք է (…) ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները` ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութեամբ:
«Նշենք, որ Հայաստանը նշած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարան պիտի դիմէ` 23 ապրիլին Լաչինի միջանցքի երկայնքին անցակէտի տեղադրման հարցով:
«Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք ձեռնպահ մնալու որեւէ միակողմանի քայլէ, որ կրնայ աւելի բարդացնել Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրագոյն մակարդակով աջակցուող բանակցային ջանքերն ու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք աշխուժացնելու սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւնները եւ բոլոր վէճերը լուծելու խաղաղ ճամբով»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ԵԽԽՎ-ի զեկուցող Փոլ Կաւան (Իրլանտա) փորձած է մուտք գործել Բերձորի միջանցք` տեղւոյն վրայ կացութեան ծանօթանալու համար:


