Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Արցախի Նուիրուած Դասախօսական Շարք` Հայկական Վարժարաններուն Մէջ
Հայ պատանին ու երիտասարդը իրազեկ դարձնելու համար Հայ դատին ու անոր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հայ աշակերտին առօրեայ հետաքրքրութիւններուն եւ ընթերցումներուն անբաժան մասը դարձնելու համար Արցախի պատմութիւնն ու գոյամարտը, Սուրիոյ Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբը դասախօսական շարք մը կազմակերպեց եւ ներկայացուց Հալէպի կրթասիրաց – Ս.Չ. երկրդ. վարժարանի, Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի 7-րդ, 8-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեան:
Դասախօսն էր Սուրիոյ Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայ դատ հասկացողութիւնն ու անոր նպատակը, անդրադառնալով Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու այլազան աշխատանքներուն, ապա անդրադարձաւ արցախեան հարցին` լուսարձակի տակ առնելով Արցախի աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը, ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու շրջափակումը:
Աւարտին դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ արցախեան հարցին կարեւորութիւնը` զայն առնչելով հայ ազգի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման հետ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Գահվէճեան շեշտեց, որ Արցախը հայութեան համար սուրբ հայրենիք է` կարեւոր համարելով Հայ դատի աշխատանքներուն ընդմէջէն հայ երիտասարդութեան ներդրումը մեր ժողովուրդի դատին, ինչպէս նաեւ` հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը:
Միացեալ Նահանգներ
Իշխան Սաղաթէլեան Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Տուած Աշխատանքային Այցելութիւնը
Աշխատանքային այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի Կեդրոնական գրասենեակ եւ աշխատանքային քննարկումներ ունեցաւ Ամերիկայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու շուրջ` յատկապէս «Ազատութեան աջակցութեան գործողութեան» 907-րդ յօդուածի պահանջներու կատարման, Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան դադրեցման, պատերազմական յանցագործութիւններու համար Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Իշխան Սաղաթէլեան բարձր գնահատեց Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը` Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Ամերիկայի մէջ հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման, երիտասարդութիւնը կրթելու ու հայապահպանութեան գործին մէջ:
Իշխան Սաղաթէլեան Տիթրոյթ, Ուաշինկթըն, Նիւ Ճըրսի, Նիւ Եորք եւ Պոսթըն քաղաքներուն մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՅԴ-ի կառոյցներուն հետ եւ երիտասարդական ու ուսանողական միութեան անդամներուն հետ: Ան հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյցներով, քննարկումներ ունեցաւ հայկական պետութիւններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ իր Արեւմտեան Ամերիկա այցելութեան շրջագիծին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ համայնքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ քաղաքական դասի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ամփոփելով Միացեալ Նահանգներ կատարած իր տասնօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը, որուն ընթացքին բազմաթիւ կուսակցական, համայնքային եւ ժողովրդային հանդիպումներ ունեցաւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերուն մէջ, Սաղաթէլեան գրեց.
«Պատերազմէն ետք, պայմանաւորուած նաեւ երկրի ներկայ իրավիճակով, սփիւռքը հիասթափութեան եւ անորոշութեան մէջ է, բայց, հակառակ վերոնշեալ հանգամանքին, տասնեակ հազարաւոր հայեր ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն օր կ՛ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հոգերով, ուղիներ կը փնտռեն հայկական երկու պետութիւններուն օգտակար ըլլալու համար:
«Սփիւռքի ազգային կառոյցները հսկայական աշխատանք կը կատարեն հայապահպանութեան, ազգային սերունդ դաստիարակելու, ազգային աւանդոյթներուն, արժէքներուն եւ արմատներուն միշտ հաղորդակից ըլլալու ուղղութեամբ: Հայկական սփիւռքը ունի մեծ ներուժ եւ կարողութիւն, որ ոչ միայն լիարժէք չ՛օգտագործուիր, այլ հակառակը, օրուան իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք օտարացած է հայրենիքէն: Ուստի`
Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը կենսական հրամայական է»:
Քանատա
Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը Հիացուց Թորոնթոհայութիւնը
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային «Գլաձոր» մասնաճիւղին, 16 ապրիլին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի մենահամերգը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչ Յասմիկ Պապեանը: Ողջունելէ ետք հանդիսատեսները, Պապեան յիշեցուց բոլորին, որ Համազգայինը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը, ու մասնաճիւղին բոլոր ձեռնարկներն ու նախաձեռնութիւնները նուիրուած են կրթական եւ մշակութային միութեան յոբելեանին:
«Համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի նոր սերունդը կառչած պահելու ազգային ինքնութեան, հաղորդ դարձնելու հայ մշակոյթին եւ անոր ճամբով` պատրաստելու յանձնառու, տիպար երիտասարդներ: Լիբանանէն հրաւիրուած Մկրտիչ Միքայէլեանի այսօրուան մենահամերգը թող սիրոյ եւ երախտիքի արտայայտութիւնը ըլլայ մեր առաքելատիպ հայրերուն, որոնք եղան վշտագին պահակները հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն դիմագիծը պահելու եւ զայն ապահով կերպով փոխանցելու գալիք սերունդներուն», ըսաւ Պապեան, որմէ ետք սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Միքայէլեանին կենսագրականը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Միքայէլեան, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ներկայացուց Տիգրանեանէն, Կանաչեանէն, Սայաթ Նովայէն եւ բազմաթիւ օտար հեղինակներէ ստեղծագործութիւններ: Յատկանշական էին` «Ամպի տակից»-ը («Անուշ» օփերայէն), «Օրօր»-ը («Քուն եղիր, բալաս») եւ «Քամանչա»-ն: Տեղին է նշել, որ հայկական ստեղծագործութիւններուն կիթառի համար գործիքային մշակումը կատարած է նոյնինքն Միքայէլեանը:
Ներկաները ոգեւորութեամբ հետեւեցան Միքայէլեանին ելոյթին, բուռն ծափահարութեամբ գնահատեցին անոր ներկայացումը եւ լիցքաւորուած, գոհունակ ու բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:
Թեհրան
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցը Ոգեկոչող Կեդրոնական Յանձնախումբի Հանդիպում
11 ապրիլին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը ոգեկոչող կեդրոնական յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ մարզամշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Յանձնախումբի ատենապետ Ալեքս Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ կատարուած աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք միութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, առաջարկները եւ տեսակէտները: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ բոլոր միութիւններու միութենականներուն ներկայութիւնը թէ՛ 24 ապրիլին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ թէ՛ միութիւններուն մէջ կազմակերպուող ծրագիրներուն:
Իրաք
Զատկուան Պաշտօնական Այցելութիւնններ
12 ապրիլին թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի մէջ Պաղեստինի լիազօր դեսպան Ահմետ Ագըլը եւ դեսպանի փոխանորդ Մունիր Սուպհին, որոնք եկած էին ծանօթանալու եւ Ս. Զատիկը շնորհաւորելու նպատակով: Հանդիպման ներկայ էին Տիրայր վրդ. Յակոբեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան:
Մտերմիկ հանդիպումին քննարկուեցաւ Պաղեստինի ներկայ վիճակը: Հայր սուրբը Պաղեստինի ժողովուրդը նմանցուց Հայաստանի սահմանին բնակող մեր ժողովուրդին` զանոնք որակելով ճակատագրակից ժողովուրդներ: