Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Նացիական Գերմանիայէն Թունաւոր Կազ Գնած Է 1938-ին` Քիւրտ Ալեւիներն ու Հայերը Սպաննելու Համար

Ապրիլ 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ 31 մարտ 2023-ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ բացայայտող յօդուած գրած է թրքերէնով` 1938-ին թրքական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգ Տէրսիմի մէջ փոքրամասնութիւններու տասնեակ հազարաւոր մաս կազմող մարդոց դաժան կոտորածին վերաբերեալ: Յօդուածը վերնագրուած էր` «(Նախագահ) Մուսթաֆա Քեմալը եւ (վարչապետ) Իսմեթ Ինոնիւն հրամայած են թունաւոր կազ օգտագործել Տէրսիմի կոտորածի ընթացքին»:

Թէեւ առաջին անգամը չէ, որ այս տեղեկութիւնը կը բացայայտուի, սակայն փրոֆեսէօր Աքչամ վերհանած է թրքական լրացուցիչ փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն Աթաթուրքի եւ Ինոնիւի կողմէ պատուիրուած այս սարսափելի կոտորածին մանրամասնութիւնները: 1937-ին երկու թուրք ղեկավարները գաղտնի հրամանագիր ստորագրած են Գերմանիայէն 20 թոն մանանեխի թունաւոր կազ եւ 24 երկշարժիչ օդանաւեր գնելու համար` օդային ճանապարհով տարածման եւ ռմբակոծման միջոցով քիւրտ ալեւիներն ու հայերը ոչնչացնելու համար, որոնք կը թաքնուէին Տէրսիմի լեռնային քարանձաւներուն մէջ: Տէրսիմի հազարաւոր հայ բնակիչները Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներ էին, որոնք փախած էին եւ իրենց կեանքը փրկելու համար դաւանափոխ եղած էին ու դարձած` ալեւի:

Վերջին տարիներուն շատ յօդուածներ եւ գիրքեր հրատարակուած են, որոնք կը փաստեն Հիթլերի հիացմունքը Աթաթուրքի նկատմամբ: Թրքական կառավարութեան եւ նացիական Գերմանիոյ համագործակցութիւնը այս երկու պետութիւններու յանցաւոր գործընկերութեան եւս մէկ վկայութիւն է: Նոյնիսկ այսօ՛ր թրքական զինուժը կը շարունակէ օգտագործել վերջին տարիներուն Գերմանիայէն գնուած թունաւոր կազերը` խախտելով Քիմիական զէնքի մասին համաձայնագիրը, ոչնչացնելու համար քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ եւ ենթադրաբար հիւսիսային Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ:

Տէրսիմի կոտորածի  հեգնական  շրջադարձերէն մէկը մասնակցութիւնն է 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայուհի Սապիհա Կէօքչենի, զոր Աթաթուրքը հետագային որդեգրած էր իբրեւ իր դուստրը: Ան դարձած է Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն եւ մասնակցած` Թունճելի վերակոչուած Տէրսիմի ռմբակոծման: Յայտնի չէ, թէ ան արդեօք տեղեակ եղա՞ծ է, որ կը մասնակցի իրեն պէս Ցեղասպանութենէն փրկուած իր հայրենակիցներուն սպանութեան: Պոլսոյ երկու օդակայաններէն մէկը կոչուած է անոր անունով` իբրեւ «Պատերազմի հերոսի»:

Մարտ 2011-ին թրքական դատարանը որոշում կայացուցած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ Տէրսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը օրէնքի համաձայն չեն կրնար ցեղասպանութիւն համարուիլ, քանի որ համակարգուած կերպով ուղղուած չեն եղած ցեղային խումբի մը դէմ: Այսուամենայնիւ, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, 2011-ին վարչապետ ըլլալով, ներողութիւն խնդրեց Տէրսիմի 1938-ի ջարդերուն համար: Էրտողանի ներողութիւնը կասկածանքով դիտուեցաւ իբրեւ պատեհապաշտ քայլ` Թուրքիոյ քրտական մեծ բնակչութեան ձայները կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր` Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն (CHP) շահելու համար, որ Աթաթուրքի Հանրապետական կուսակցութեան շարունակութիւնն է: Էրտողան Տէրսիմի ջարդերը որակեց իբրեւ «մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ողբերգական իրադարձութիւնը»: Ան աւելցուց, որ թէեւ ոմանք կը փորձէին արդարացնել սպանութիւնները` իբրեւ օրինական պատասխան տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, այդ իրականութեան մէջ` «Գործողութիւն մըն էր, որ մշակուած էր քայլ առ քայլ… Այդ աղէտ է, որ այժմ պէտք է համարձակօրէն քննուի: Կուսակցութիւնը, որ պէտք է առերեսուի այս միջադէպին հետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չէ: Այս արիւնալի աղէտին ետեւը կեցողը ՃՀՓ-ն է, որ պէտք է առերեսուի այս միջադէպին հետ»: Այս մեկնաբանութիւնները ընդգծուած եւ ուղղուած էին ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին, որ իրականութեան մէջ Թունճելիէն է եւ` մայիս 2023-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու մէջ Էրտողանի գլխաւոր հակառակորդը: Հետաքրքրական է` արդեօք Էրտողան նոյնպէս ներողութիւն պիտի խնդրէ՞ր Հայոց ցեղասպանութեան համար, եթէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր հայ ընտրողներ ըլլային:

Իր յօդուածի ծանօթագրութիւններէն մէկուն մէջ Աքչամ վկայակոչած է Գերմանիոյ խորհրդարանի փաստաթուղթ մը, ուր քանի մը անդամներ 2019-ին Գերմանիոյ կառավարութենէն պահանջած են թրքական կողմի` նացիական Գերմանիայէն թունաւոր կազի եւ օդանաւերու գնման մանրամասնութիւնները: 1938-ին Թուրքիա բերուած են նաեւ քիմիական զէնքի գերմանացի փորձագէտներ` թունաւոր կազի օգտագործումը զինուորականներուն ուսուցանելու համար: Գերմանական կառավարութիւնը իր պատասխանին մէջ ընդունած է «(Տէրսիմի) զոհերու եւ անոնց ժառանգներուն տառապանքը» եւ աւելցուցած. «Դաշնակցային (Գերմանիոյ) կառավարութիւնը պատրաստ է քննելու Գերմանիոյ մասնակցութիւնը, եթէ Թուրքիոյ կողմէ ընթացք ստանան այդ օրերու իրադարձութիւնները»:

Թէեւ այս զանգուածային սպանութիւնները չեն կրնար արդարացուիլ որեւէ պարագայի, սակայն թրքական կառավարութիւնը 1930-ականներուն կը փորձէր ճնշում գործադրել ներքին ընդդիմութեան վրայ եւ իր իշխանութիւնը պարտադրել Տէրսիմի շրջանին մէջ: 1 նոյեմբեր 1936-ին, խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, Աթաթուրք Տէրսիմը բնութագրած է` «Թուրքիոյ ներքին ամէնէն կարեւոր խնդիրը»: Թրքական կառավարութիւնը վարելով ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու թրքացման քաղաքականութիւն, 1936-ին ընդունած է «Թունճելի նահանգի վարչակազմի մասին օրէնքը», որուն նպատակն էր տեղւոյն բնակչութիւնը վերաբնակեցնել Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ: Աւելի քան 50 հազար թուրք զինուոր ուղարկուեցաւ Տէրսիմ: Անոնք բռնեցին եւ կախաղան հանեցին տեղական ապստամբութեան ղեկավարները եւ անխտիր ռմբակոծեցին ու սպաննեցին շրջանի հազարաւոր բնակիչները: Թէեւ թրքական կառավարութիւնը խոստովանած է, որ Տէրսիմի մէջ 13 հազար 806 բնակիչ սպաննուած է, ոմանք կը նշեն, որ զոհերուն թիւը շատ աւելի բարձր է` 70 հազար եւ աւելի: Անոնք փրկուածներէն շատերը տեղափոխած են երկրի այլ շրջաններ, իսկ քիւրտ աղջիկները յանձնած են թուրք ընտանիքներու` որդեգրման համար:

Ցաւօք Թուրքիա տակաւին կը ժխտէ իր անցեալի զանգուածային յանցագործութիւնները: Տէրսիմի կոտորածը միայն օրինակ մըն է տարբեր փոքրամասնութիւններու բնաջնջման, որ սկսած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ շարունակուած` Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?