Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ. «Հայ Լրագրողներու 6-րդ Համաժողով»-Ի Գործադիր Մարմինի Անդրանիկ Նիստ

March 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գործադիր մարմինը որոշեց յաջորդ նիստը գումարել մայիսի աւարտին: (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի նախագահութեամբ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ «Հայ լրագրողներու 6-րդ համաժողով»-ին գործադիր մարմինի անդրանիկ նիստը, որուն համացանցին միջոցով մասնակցեցան նաեւ գործադիր մարմինի սփիւռքեան անդամները` «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արմինիըն միրըր սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ), «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան (Ֆրանսա) եւ «Նոյեւ Քովչեկ» ամսաթերթի խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան (Ռուսիա): Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց, որ նախապէս կազմուած ժամանակացոյցով հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին ներկայացուած առաջարկները, կը մշակուին եւ կ՛իրականացուին ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ` ներկայացուած տագնապներու լուծման ուղղութեամբ:

Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած հայ լրագրողներու շրջանային հաւաք-հանդիպումներուն, Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու նոր ղեկավարներու հետ հանդիպման: Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան միացեալ ծրագիրով իրականութիւն դարձած է լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին կատարուած առաջարկ մը եւս. յաջողութեամբ սկսած է Արցախի լրագրողներու մասնագիտական որակաւորման բարձրացման նպատակով կազմակերպուած հեռավար դասախօսութիւններու շարքը:

Շ. Գանտահարեան, Յ. Վարդիվառեան, Ժ. Չոլաքեան եւ Գ. Անիսոնեան ներկայացուցին հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովէն ետք զանգուածային լրատուամիջոցներու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրենց շրջաններուն մէջ կատարուած աշխատանքները եւ ներկայացուցին նոր առաջարկներ:

Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Ա. Գէորգեան եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տ. Յարութիւնեան համառօտ կերպով ներկայացուցին կատարուած աշխատանքներու հայաստանեան հատուածը: Ա. Գէորգեան առաջարկեց նախատեսուող ծրագիրներուն մէջ ներգրաւել նաեւ սփիւռքի օտարագիր հայ լրագրողները եւ համագործակցիլ արտասահմանեան հեղինակաւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու լրագրողներուն հետ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այս տարի կազմակերպուելիք «Հայ լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողով»-ին, Սփիւռքի լրագրողներու ամառնային դպրոցին, «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց» մրցումին նախապատրաստական աշխատանքներուն, «Արցախը ակնթարթներու մէջ» լուսանկարչական մրցումին առնչուող եւ այլ հարցեր:

Գործադիր մարմինը հաստատեց լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի խորագիրը եւ ժամկէտը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 4-6 հոկտեմբեր 2012-ին: Կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, օտար զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայ լրագրողներ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»-ի մրցումին մրցութային յանձնախումբի կազմը:

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբի Հովանաւորած Ցոյցին Ընթացքին Դերասան Քլունի Եւ Քոնկրեսականներ` Ձերբակալուեցան

Յաջորդը

«ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակին Մէջ Նոր Դէմքեր Պիտի Ըլլան» Կ՛Ըսէ Սպարտակ Սէյրանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.