Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւաբանական Գիտութիւններու Դոկտոր Լեզաֆր Հայերուն Միջազգային Դատարան Դիմել Կ՛Առաջարկէ

March 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Հիւպեր Լեզաֆր

Իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, «Արեւմտեան Փարիզ, Նանթեր լա Տեֆանս» համալսարանի միջազգային իրաւունքի կեդրոնի անդամ Հիւպեր Լեզաֆր Հայաստանի կ՛առաջարկէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հարցով դիմել Միջազգային դատարան կամ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան: Ան «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը վերլուծէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վերաբերեալ վերջին որոշումը եւ այն եզրակացութեան կը յանգի, որ օրինագիծի մերժումին պատճառը, ի տարբերութիւն Ողջակիզումին, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական որոշումի բացակայութիւնն է:

Ըստ անոր, որպէսզի օրէնքը չհակասէ Ֆրանսայի սահմանադրութեան, Հայաստանին պէտք է Թուրքիոյ դէմ որեւէ միջազգային դատարանի որոշում, որուն մէջ պէտք է ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ պարագային Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու համար ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ըլլայ:

«Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, որուն դահիճները արդէն մահացած են եւ այլեւս չեն կրնար քրէական հետապնդումի ենթակայ դառնալ, ապա դատական որոշումին կարելիութիւնը կարելի չէ բացառել: Միջազգային տարողութեամբ Հայաստանի, եւ ինչու չէ` որեւէ այլ երկրի Միջազգային դատարան դիմելը իտէալական պիտի ըլլար, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը միջազգային յանցագործութիւն է: Այդուհանդերձ, ատոր համար կարեւոր ընթացակարգային խոչընդոտ մը կայ այն առումով, որ այդ դատարանի գործի լծուիլը կախեալ է վէճի մասնակից պետութեան, այսինքն` նաեւ Թուրքիոյ համաձայնութենէն:

«Կը մնայ մէկ որոշում, որ զարմանալի կերպով, կարծես չէ քննարկուած, Հայաստանի կողմէ դիմում Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ընդդէմ Թուրքիոյ` պետական ժխտումին հիմքով: Նման մօտեցումը կրնայ յանգեցնել եթէ ոչ Թուրքիոյ դատապարտման, ապա, առնուազն, դատարանին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչման», կը գրէ Լեզաֆր:

 

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Քաղաքական Խորհուրդի Հերթական Նիստ

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբի Հովանաւորած Ցոյցին Ընթացքին Դերասան Քլունի Եւ Քոնկրեսականներ` Ձերբակալուեցան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.