
Արժանթին յայտարարած է, որ Բրիտանիոյ կողմէ վերահսկուող եւ անոնց նկատմամբ իրաւունքը Պուէնոս Այրեսի կողմէ վիճարկուող Ֆոլքլանտեան կղզիներուն մօտ քարիւղի հետախուզութեամբ զբաղող ընկերութիւններուն դէմ դատ պիտի բանայ:
Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Թիմերման յայտնեց, որ Ֆոլքլանտեան կղզիներու շրջակայ ջուրերուն մէջ քարիւղի հետախուզութիւնը անօրինական է: «Հարաւային Ատլանտեանի մէջ քարիւղն ու կազը կը պատկանին արժանթինցի ժողովուրդին», ըսած է նախարարը եւ զգուշացուցած, որ որեւէ ընկերութիւն, որ ընդերքի բրիտանացի հետախոյզներուն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ, նոյնպէս կրնայ պատժամիջոցներու արժանանալ:
Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ի պատասխան արժանթինեան կողմի վերոնշեալ յայտարարութեանց յայտնած է, որ Ֆոլքլանտեան կղզիներուն իրենց սեփական քարիւղի պաշարները մշակելու իրաւունքին կ՛աջակցի:


