ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Աստղիկ Շիթիլեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ռենա Շիթիլեան եւ դստերք` Արին եւ Նարօտ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մայք եւ Նորա Քէլէշեան եւ դստերք` Փաթիլ, Ալիք եւ Արեւ (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մաքրուհի Շիթիլեան եւ ընտանիք
Տիկին Ալիս Շիթիլեան եւ ընտանիք (Զուիցերիա)
Տիկին Ռոզեթ Տէր Կարապետեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վենսան եւ Լուսին Թապեթ եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Սահակ Շամլեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արթուն եւ Նարինէ Համալեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Էօժենի Արոյեան (Միացեալ Նահանգներ)
Շիթիլեան եւ Տէր Կարապետեան ընտանիքներ
Քէլէշեան եւ Մոզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՃՈՐՃ ՇԻԹԻԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 մարտ 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ֆորեսթ Լոն Հոլիվուտ Հիլզ ճերմակ եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ)
ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2023
– Յիշատակ Տասն կուսանաց` ժամը 17:00-ին
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ԱՊՐԻԼ 2023
– Կարգ ապաշխարողաց` ժամը 8:30-ին
– Ս. Հաղորդութեան պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Կարգ ոտնլուայի` ժամը 16:00-ին
– Կարգ չարչարանաց (Խաւարման գիշեր)` ժամը 19:30-ին
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԱՊՐԻԼ 2023
– Կարգ խաչելութեան` ժամը 8:30-ին
– Կարգ թաղման` ժամը 16:00-ին
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 8 ԱՊՐԻԼ 2023
– Ժամերգութիւն` ժամը 16:00-ին
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 17:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ, 9 ԱՊՐԻԼ 2023 (Ս. ԶԱՏԻԿ-Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ)
– Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ս. եւ անմահ հայրապետական պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 10 ԱՊՐԻԼ 2023 (ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
– Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.
– Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին
Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
– Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Օրուան պատգամը պիտի ուղղէ եւ պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՔԱՀԼ
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ
Ճորճ Շիթիլեանի մահուան առիթով`
– Տիկին Մաքրուհի Շիթիլեան եւ զաւակները կը ստանձնեն ՔԱՀԼ-ի օրուան մը ճաշը` նուիրելով 200 ամ. տոլար
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՐԵԳ»
ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
7 ՄԱՅԻՍ 2023