Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին իսրայէլացի պաշտօնակից Էլի Քոհենի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ ատիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ:
Պայրամով ըսած է, որ Իսրայէլ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին աջակցած է Ազրպէյճանի դիրքորոշումին:
Իսրայէլ Ազրպէյճանի զէնքի հիմնական մատակարարներէն է: