Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Ազրպէյճան Գարնան Չյարձակի, Ուրեմն Մեր Առաքելութիւնը Յաջողած Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը

March 30, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Բազմաթիւ հայեր կը կարծեն, որ Ազրպէյճան կը պատրաստուի գարնան յարձակելու, եւ որ յարձակումի բացակայութեան պարագային ատիկա Եւրոպական Միութեան առաքելութեան յաջողութիւնը պիտի ըլլայ»:

«Մենք չենք կրնար միջամտել, մենք մեր տրամադրութեան տակ միայն հեռադիտակներ եւ տեսախցիկներ ունինք», նշած է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարը` խօսելով սահմանային միջադէպերու մասին:

«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ Ռիթըր աւելցուցած է, որ բազմաթիւ հայեր ուրախ են Եւրոպական Միութեան ներկայութեան համար` անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ դէտերուն չեն արտօներ մուտք գործել ազրպէյճանական տարածք: Ռիթըր եւ անոր գործընկերները, հետեւաբար, չեն կրնար ճշդել, օրինակ, զօրքերու տեղաշարժը հերթական յարձակման նախապատրաստման ժամանակ:

«Բազմաթիւ հայեր կը կարծեն, որ Ազրպէյճան գարնան պիտի յարձակի: Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ուրեմն մեր առաքելութիւնը արդէն յաջողած է», ըսած է Ռիթըր:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարի այս յայտարարութեան:

Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ ըսած է. «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Եւրոպական Միութեան հիմնական խնդիրը Հայաստանը Ազրպէյճանէն պաշտպանելը ներկայացնելը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը Ազրպէյճանի` յարձակումի մը նախապատրաստուելու մասին` հիմնուած հայկական կողմի կեղծ եւ զրպարտչական յայտարարութիւններուն վրայ»:

 

Նախորդը

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Պայրամով

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.