Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Իսրայէլ Չի Կրնար Շարունակել Այս Ուղիով Ընթանալ, Եւ Նեթանիահուն Մօտ Օրէն Պիտի Չհրաւիրեմ». Նեթանիահու Կ՛արձագանգէ

Մարտ 30, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Իսրայէլ չի կրնար շարունակել այս ուղիով ընթանալ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մօտ օրէն Ուաշինկթըն այցելելու պիտի չհրաւիրեմ»:

Պայտըն նշեց, որ կը յուսայ, որ Նեթանիահուն արդարադատական բարեփոխումներու օրէնքէն կը հրաժարի:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի նախապէս յայտնած էր, որ «Ներկայիս Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութեան ծրագիրներ գոյութիւն չունին»` նշելով. «Ամերիկան արդարադատական բարեփոխումներու վերաբերեալ փոխզիջումի տեսքին առնչութեամբ մանրամասնութիւններ չներկայացուց: Ամերիկան շեշտեց գոյացումը փոխզիջումի մը, որ կ՛ամրապնդէ Իսրայէլի մէջ զսպիչ սահմանափակումներն ու հաւասարակշռութիւնները»:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ըստ իսրայէլեան պետական լրատուամիջոցներու, նաեւ Նեթանիահուին պատգամ ուղղած էին, թէ «անոր համար աւելի լաւ է ներկայիս Ուաշինկթըն չգալ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու արձագանգեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան եւ ըսաւ. «Իսրայէլ անկախ է, իր որոշումները չ՛որդեգրեր արտաքին, ներառեալ լաւագոյն բարեկամներու կողմէ որեւէ ճնշումի տակ»:

Նեթանիահու նշեց, որ իր կառավարութիւնը մեծ ջանք կը թափէ «լայն համաձայնութեան ճամբով» բարեփոխումներ կատարելու:

Իսրայէլի վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մէյիր պեն Շապաթ իր կարգին յայտարարեց. «Պայտընն ու անոր վարչակազմը պէտք է հասկնան, որ Իսրայէլը անկախ պետութիւն է, եւ ոչ թէ` Ամերիկայի դրօշին վրայ այլ աստղ մը:

Նեթանիահու երէկ իր նախարարներուն յանձնարարեց Պայտընի յայտարարութիւնը չմեկնաբանել:

Նախորդը

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Ջանքերուն Նկատմամբ Մեր Կեցուածքը Պիտի Փոխենք, Միայն Եթէ Դրական Զարգացումներ Տեսնենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?