Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Մենք Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Ուղղութեամբ Շատ Հետաքրքրական Դիրքեր Ունինք, Այդտեղ Կ՛ամրապնդուինք Եւ Այդտեղ Պիտի Մնանք»

March 29, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան տարիներ շարունակ Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր», երէկ այդ շրջանին մէջ իր նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Մասիմ Մամետովի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Բանակցութիւններու երկար տարիներու ընթացքին միջնորդները մշտապէս յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին, իսկ Հայաստանը ընդհանուր առմամբ այդ շրջանի Ազրպէյճանին վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր», նշած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

«Հայերը, սակայն, միւս շրջաններէն հեռանալ եւս չէին պատրաստուեր: Այսօր` պատերազմէն երկուքուկէս տարի ետք, ատիկա բոլորին համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է: Միջազգային միջնորդներն ալ` ԵԱՀԿ-ի նախկին Մինսքի խմբակը, բանակցութիւններ վարելով, փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւումի փաստը», պնդած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ կանգնած «Քալիպըր» կայքին համաձայն, Մամետով 1 մարտին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ Խոջալուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու մասնակիցներէն մէկն է: Այդ հանդիպումին Մամետով կը մասնակցէր իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը հետաքննող ազրպէյճանական հսկողութեան խումբի ղեկավար:

Ազրպէյճանական աղբիւրներուն համաձայն, Մամետով նախապէս Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ խորհրդական աշխատած է:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Բերձոր քաղաքին մէջ շուրջ 500 տուն կը կառուցուի: Ան աւելցուցած է, որ մինչեւ այս տարուան վերջը հազարաւոր մարդիկ պիտի ապրին Բերձոր քաղաքին մէջ:

«Սկսած ենք Զաբուխ եւ Սուս գիւղերու ամբողջական վերակառուցման հոլովոյթին: Աւելի քան 1000 մարդ պիտի տեղաւորուի Զաբուխ գիւղին մէջ, աւելի քան 300 մարդ` Սուս գիւղին մէջ: Զաբուխի բնակիչներուն համար կը հիմնուի ամբողջովին նոր գիւղ», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ Բերձոր քաղաքին մէջ մզկիթ պիտի կառուցուի:

Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ իրենք հայ-ազրպէյճանական ուղղութեամբ «շատ շահեկան դիրքեր ունին», այդ դիրքերուն վրայ կ’ամրապնդուին եւ այնտեղ ալ պիտի մնան:

 

Նախորդը

Ռուս Մասնայատուկ Ուժերը Ընդհանուր Վարժանքներ Կատարած Են Հայաստանի Լեռնային Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Կը Հաստատէ Իր Աջակցութիւնը Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.