Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Դաս-Դասախօսութիւն Եւ Քննարկում` «Արամ Մանուկեան Պետական Գործչի Աւանդը Հայկական Պետականութեան Հիմնադրման Եւ Կայացման Գործում» Խորագրով
Մարտ 19-ին ամբողջացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ, Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակը: Այս առիթով Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ:
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին յաջորդեց Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ կազմակերպուած դաս-դասախօսութիւն եւ քննարկում` «Արամ Մանուկեան պետական գործչի աւանդը հայկական պետականութեան հիմնադրման եւ կայացման գործում» խորագրով, որուն բանախօսերն էին` Արցախի նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանեա Բալայեանը:
Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արամ Մանուկեանի մասին կարելի չէ կարճ ու ամփոփ խօսիլ, որովհետեւ Արամ Մանուկեան «Մարդ-համակարգ»-ը տակաւին ամբողջութեամբ չէ վերլուծուած, թէեւ անոր մասին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակուած են:
Իբրեւ պատմաբան` Արմէն Սարգսեան առանձնացուց չորս իւրայատուկ եւ կարեւոր անձնաւորութիւններ` Արամ Մանուկեան, Գարեգին Նժդեհ, Նիկոլ Դուման, Հրայր Դժոխք: Ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայի նեղ իրավիճակին մէջ, երբ ելքեր կը փնտռենք այս իրավիճակէն դուրս գալու, երբ մէկ օրուան մէջ յաղթած երկիրը կը դառնայ պարտուած, յուսալքութիւնը կը դառնայ տիրական, պէտք է երեւակայել, որ յանկարծ դուռը բացուի ու այս 4 անձերը մտնեն` փոխելով ամբողջ իրավիճակը: Արմէն Սարգսեան փորձեց անցեալի պատմական դէպքերը կապել ներկայ իրողութեան հետ:
«Մեր քաղաքական ներկապնակը այնպիսին է, որ բոլորը կը մեղադրեն զիրար եւ չեն կրնար գտնել այս իրավիճակէն դուրս գալու ելքերը: Հետաքրքրական է` ինչո՞ւ այն ժամանակ կարելի եղաւ յաջողիլ, երբ որ կը թուէր անհնար: Ո՞ւր էր ժողովուրդը, ո՞ւր էին առաջնորդները, այն ժամանակ ինչպէ՞ս կը գործէին: Ի՞նչ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ կան: Ի՞նչ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ կան անձերու միջեւ, որոնք իրենցմով կրցան հայկական պետականութիւնը պահել ու տեղ մը ձեռնոց նետել ապագային` ըսելով, որ այս պետականութիւնը հիմնած ենք, եւ անիկա պէտք է պահուի յաւերժութեան համար, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի հայ ազգը», նշեց Ա. Սարգսեան:
Պատմաբանը առանձնացուց Արամ Մանուկեանը` իբրեւ պետական գործիչի, կենսագրութեան մէջ ներկայացուց 4 հանգրուաններ` Վանի նահանգապետ` 1917 թուականի դեկտեմբեր 17-էն մինչեւ 1918-ի մայիս 28-ը, մայիս 28-էն մինչեւ յունիս 24-ը, երբ Քաջազնունիի կառավարութիւնը Թիֆլիսէն եկաւ Երեւան (այդ ժամանակ Արամ Մանուկեանը Երեւան էր եւ նախապատրաստած էր պետականութեան հիմքերը, որուն պատճառով ալ կոչուած է հիմնադիր) եւ Արամ Մանուկեան` իբրեւ ներքին գործոց նախարար:
Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ Արամ Մանուկեան ուրիշներէն կը տարբերի անով, որ տուեալ պահուն ծագած հարցին լուծում չէր տար միայն, այլ անոր իւրաքանչիւր քայլը տոգորուած էր իր փիլիսոփայութեամբ, որ ծնունդ կ՛առնէր ազգային կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, որուն կարկառուն ներկայացուցիչներէն էր ան:
Արամ Մանուկեան շատ հեռատես քաղաքական գործիչ էր: «1917 թուականին գալով Հայաստան` Արամ Մանուկեան ձեռնամուխ եղաւ տեղւոյն կազմակերպուածութեան, պաշտպանական ուժեր ստեղծելուն, տարբեր բարեկարգումներ կատարելուն, որ առաջին հերթին թաթարներու դէմ պայքարելու համար էր: Դրոյի հետ Արամ Մանուկեան կրցաւ ճնշել թաթարական շարք մը ապստամբութիւններ, որուն արդիւնքը եղաւ այն, որ 50 թաթարական գիւղ ինքնակամ ենթարկուեցան յատուկ կոմիտէին, որ ստեղծուած էր արդէն: Ան յաջողեցաւ կարգաւորել հայ-թաթարական յարաբերութիւնները: Կը պատկերացնէ՞ք` մենք պետութիւն չունէինք, սակայն ան կրցաւ կառավարել:
Արամ Մանուկեանի կարեւոր գործերէն էր նաեւ մաուզերիզմի դէմ պայքարը, երբ կռուած տղաները տարբեր առիթներով թոյլ կու տային շարք մը սխալներ, մինչ Արամ Մանուկեան իր խստութեամբ կրցաւ կանխել այդ:
Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Արամ Մանուկեանի այն գործունէութիւնը, երբ պետութիւն չունենալով հանդերձ, ան կրցաւ ինքնապաշտպանական ուժեր ստեղծել, որոնք կը պատրաստէին հայկական 2-րդ գունդին մէջ, որ մեծ դեր կատարեց Սարդարապատի ճակատամարտին:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արամ Մանուկեանի ծննդավայրի հարցին, որովհետեւ կայ երկու տեսակէտ: Առաջինը եւ ըստ Լ. Յովհաննիսեանի, ճիշդ տեսակէտին համաձայն, Արամ Մանուկեան ծնած է Շուշիի մէջ, իսկ երկրորդ տեսակէտին համաձայն, ան ծնած է Դաւիթ Բէկ (նախկինում Զէյուա) գիւղը:
«Այդ երկուութիւնը կը յառաջանայ Արամի յուշագիրներու պատճառով, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ճիշդը Շուշին է, որովհետեւ ան միշտ կը պնդէր, որ Արցախի զաւակն է: 1879-ին Զանգեզուրի չափաբերական մատեաններու մէջ չկայ Սարգիս Յովհաննիսեան անունով մարդ: Այս հարցին մէջ Հայոց եկեղեցին շատ բծախնդիր էր, եւ եթէ ըլլար, անպայման արձանագրած կ՛ըլլային», յայտնեց Լ. Յովհաննիսեան:
Անոր խօսքով, Արամ Մանուկեան առաջիններէն էր, որ կրցաւ կոչ ուղղել` պայքարելու ցարական բռնապետութեան դէմ այնպէս, ինչպէս թրքական բռնապետութեան դէմ կը պայքարին:
«Պաքուի մէջ բոլորը զարմացած էին, թէ ի՞նչ կը խօսի Արամը, ինչպէ՞ս պայքարիլ այդ հզօր պետութեան դէմ: Արամը յստակ կը բացատրէր` հարցնելով, թէ կը պայքարին մեր հայ ինքնութեան դէմ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կալուածները կը բռնագրաւուին, մեր դպրոցները կը փակուին, ասոր դէմ պէ՞տք է պայքարիլ, թէ՞ ոչ: Եւ Արամ Մանուկեանի այս կոչը ի վերջոյ արթնցուց բոլորը: Նոյնիսկ այդ ժամանակ ՀՅԴ Պաքուի կոմիտէն որոշեց, որ ինքը այդ դիմադրութիւնը կազմակերպէ, սակայն Պաքուի մէջ, պատմաբանները կը յիշեն, թէ Պաքուի մէջ ցարական իշխանութիւնները զօրավար Անտրէեւի գլխաւորութեամբ ինչպէ՛ս աւելի մեծ հալածանքներու սկսած էին հայութեան դէմ: Այնտեղ պէտք էր պայքարը կազմակերպող ըլլար, եւ այդ անհատը եղաւ ինքը` Արամ Մանուկեանը», նշեց Լ. Յովհաննիսեան:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանեա Բալայեանի կարծիքով, իւրաքանչիւր հայ, եթէ փորձէ ծանօթանալ Արամ Մանուկեան ազգային արժէքին, Արամ Մանուկեանի կերպարին, կը զարմանայ, թէ ինչպիսի՛ արժէքներ ունեցած ու անտեսած ենք: Ան նշեց, որ թէեւ այսօր կը նշենք Արամ Մանուկեանի 144-ամեակը, սակայն ձեւական կը դառնայ այս ամէնը, որովհետեւ ազգային պետականութեան իրական հիմնադիրի գործունէութեան ու կեանքին անդրադարձ կը կատարենք միայն յոբելենական տարիներուն:
«Հայոց պետականութեան նոր ժամանակներու քաղաքական կենսագրութեան հիմնադիրն է Արամ Մանուկեանը: Ան ապրած ու գործած է մեր ժողովուրդին համար այնպիսի ծանր ժամանակներու մէջ, երբ հայ ժողովուրդի գոյութիւն ունենալու-չունենալու հարցն էր: 1915-ին` Եղեռն: Արեւմտեան Հայաստանը արեան մէջ է, Արեւելեան Հայաստանն ալ, առանց չափազանցութեան, նոյն ճակատագրին պէտք էր արժանանար, սակայն լաւ է, որ մենք ունեցանք Արամ Մանուկեանն ու իր գործընկերները, որոնք փրկեցին Հայաստանը», յայտնեց Մ. Բալայեան:
Անոր խօսքով, Արամ Մանուկեանի մտերիմներէն էր Ռոստոմը` Ստեփան Զօրեանը, որ հայութեան ապրած դժուար ժամանակներուն մասին գրելով` նշած է, որ միայն Արամ Մանուկեանի պէս հսկայ մը կրցաւ այս տարբեր հողմերուն արանքով տանիլ Հայաստանը, որպէսզի Հայաստանը չվերանայ աշխարհի երեսէն, ու այդպէս ան ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութիւն:
«Սողոմոն Թեհլիրեան. Հայոց Արդարհատոյցը» Խորագրով Դասախօսութիւններու Շարք` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ
Մարտ 18-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սողոմոն Թեհլիրեան. հայոց արդարհատոյցը» խորագրով դասախօսութիւններու շարք:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ թէեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը բաւականաչափ ճանաչելի են, այնուամենայնիւ, կան տակաւին չուսումնասիրուած եւ չլուսաբանուած կողմեր:
Օրուան առաջին բանախօսը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտերու բաժինի վարիչ, գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանն էր: Ան ներկայացուց ««Յատուկ գործ». արդարադատութեան իրականացում» խորագրով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարեց 1919 թուականի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կայացուած խիստ գաղտնի որոշումին, որով կը նախատեսուէր մահապատիժի ենթարկել Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները եւ իրականացնողները. այդ գործողութիւնը կոչուեցաւ «Յատուկ գործ», որ աւելի յայտնի է «Նեմեսիս» ծածկանունով: Այն վստահուեցաւ ՀՅԴ Յատուկ կամ Պատասխանատու մարմինին: Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու նկատմամբ պատժիչ գործողութիւններու մանրազնին նախապատրաստութիւնն ու անմիջական վերահսկողութիւնը յանձնարարուեցաւ ՀՅԴ գործիչներ Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) եւ Շահան Նաթալիի (Յակոբ Տէր Յակոբեան): Անոնք ալ Յատուկ մարմինի կազմին մէջ ներգրաւեցին մարտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած երիտասարդներ` Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան եւ այլք: Բանախօսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ Թալէաթի յայտնաբերումն ու գնդակահարումը Պերլինի մէջ, ապա անոր յաջորդած` Ս. Թեհլիրեանի դատավարութիւնը:
Օրուան երկրորդ բանախօսը Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շոա հիմնադրամի` (USC Shoah Foundation) Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւնները ցուցակագրող Օսիկ Մոզեսն էր: Ան ներկայացուց «Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը. ծանօթագրութիւններ գերմանական արխիւէն» խորագրով դասախօսութիւն: Բանախօսը ներկայացուց Թեհլիրեանի դատավարութեան վերաբերող գերմանական արխիւներէն փաստաթուղթեր եւ նշեց, որ իր ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք` յանգած է այն եզրակացութեան, որ գերմանական դատարանը արագացուցած է դատավարութիւնը ( տեւած է երկուքուկէս օր` 1921 թուականի յունիս 2-3-ին) եւ ստեղծած է ամէն կարելիութիւն ազատելու այդ «անհանգիստ օտար երկրացիէն»` («lästigen Ausländer»)` Սողոմոն Թեհլիրեանէն, որովհետեւ բոլորը նորէն սկսած էին խօսիլ հայերու բռնագաղթին եւ կոտորածներուն մասին, որուն մէջ իր մեղքի բաժինը ունէր նաեւ Գերմանիան:
Օրուան վերջին բանախօսը «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու տնօրէն, Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ. Թալէաթի ահաբեկումը» յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութեան հեղինակ Պետօ Տեմիրճեանն էր: Ան ներկայացուց «Վերյիշումներ. Թալէաթի ահաբեկումը» յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութեան մասին» վերնագրով դասախօսութիւնը: Ներկաներուն տեսաուղերձով ողջունեց նաեւ յուշագրութեան յառաջաբանի հեղինակ, «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեանը, որ կարեւոր նկատեց գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ ծանօթագրութիւններ կազմելը: Պետօ Տեմիրճեան նշեց, որ անգլերէն թարգմանելու ընթացքին ուսումնասիրած է ո՛չ միայն Թեհլիրեանի յուշագրութիւնը, այլեւ` «Նեմեսիս» գործողութիւնը առհասարակ: Ան ներկայացուց նաեւ Թալէաթի սպանութեան մասին հայկական եւ արտասահմանեան մամուլի առաջին արձագանգները:
Դասախօսութիւններու աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն:
Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ
Հայկական պետականութեան հիմնադիր, ՀՅԴ անդամ, ականաւոր պետական, քաղաքական, ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակին առիթով Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ցուցահանդէս կազմակերպուեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու բաժինին կողմէ:
Արամ Մանուկեանի մասին խօսեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նորանշանակ նախարար Նորայր Մկրտչեանը: «Հաղորդակցուելով անոր յիրաւի հերոսական կենսագործունէութեանը, որուն աշխարհագրութիւնը կը ձգուի Պաքուէն մինչեւ Կարս, Վանէն մինչեւ Երեւան, կրնանք աներկբայօրէն հաստատագրել, որ Արամ Մանուկեան մեզի եւ գալիք սերունդներուն աւետեց մեծագոյն ազգային կենսաբարոյական նշանակութեամբ պատգամ մը, որն է` ապաւինիլ միայն ու միայն մեր սեփական ուժերուն, երբեք չվհատիլ, շարունակել պայքարը` յանուն ազատութեան եւ անկախութեան` մինչեւ յաղթական աւարտ: Կը նշանակէ, որ եթէ կ՛ուզես քու նուիրական հայրենիքիդ մէջ ապրիլ խաղաղ ու երջանիկ, եթէ կ՛ուզես տէրը ըլլալ քու նախնիներէդ ժառանգած սրբութիւններուն եւ սրբարաններուն, ուրեմն յանուն այդ արժէքներուն` պատրաստ եղիր կատաղի եւ անզիջում պայքարի: Եւ Արամ Մանուկեան գործնականօրէն երկու անգամ ապացուցեց Գ. Նժդեհի յառաջացուցած այն հիմնադրոյթի անառարկելի ճշմարտութիւնը, ըստ որուն, մեզի անհրաժեշտ ուժը պէտք է փնտռել միայն մեր մէջ», նշեց նախարարը:
Անոր խօսքով, մտովի վերապրելով այդ անասելի ծանր, ճակատագրական, սպառնալիքներով ու զրկանքներով լի իրադարձութիւնները, կրնանք վճռականօրէն բարձրաձայնել, որ այսօր ապրելով Արցախի` մեր մեծ սրբավայրին մէջ, հերթական անգամ ի վիճակի ենք կերտել այն նոյն հրաշքը, որ ժամանակին կերտուած է Վանի, Սարդարապատի, Շուշիի մէջ:
Արամ Մանուկեան պետական, կուսակցական գործիչի մասին խօսքեր արտասանելով` հանդէս եկան Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու բաժինի նախագահ Աշոտ Սարգսեանը:
Վերջինիս խօսքով, Արամ Մանուկեան առաջին հերթին եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան գործիչ եւ այդ է պատճառը, որ մինչեւ հիմա Արամ Մանուկեանի անուան փողոց չունինք Ստեփանակերտի մէջ. «Ժամանակին, երբ կազմաքանդուեցաւ Լենինի արձանը, հարց յառաջացաւ նաեւ Լենինի փողոցը վերանուանել: Այդ ժամանակ ես Արամ Մանուկեան ենթակոմիտէի նախագահն էի, առաջարկեցինք, որ Լենինի փողոցը վերանուանուի Արամ Մանուկեանի անունով, որովհետեւ Լենինը կը հանդիսանար Խորհրդային Միութեան հիմնադիրը, իսկ Արամ Մանուկեանը` ազատ ու անկախ Հայաստանի հիմնադիրը: Բնականաբար այն ժամանակուան ՀՀՇ-ի ներկայացուցիչները դէմ էին, եւ անոնց կողմնակից էին նաեւ համայնավարները: Իբրեւ միջանկեալ տարբերակ` առաջարկեցին «Երեւանեան փողոց» անուանումը, այնուհետեւ Վազգէն Սարգսեանի եղերական մահէն ետք փողոցը կոչուեցաւ անոր անունով: Այս պահուն մենք մեր հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ չունինք Արամ Մանուկեանի անունով փողոց», ըսաւ Աշոտ Սարգսեան` առաջարկելով, որ Զօրգէ փողոցը վերանուանուի Արամ Մանուկեանի անունով, եւ անոր անունով զգօսայգի կառուցուի:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ երկու շաբաթ:
Արցախցի Գրողը` Միջազգային Գրական Մրցոյթի Դափնեկիր
Արցախցի արձակագիր, լրագրող Աշոտ Բեգլարեան «Մեծ ուխտաւորը` երիտասարդներին» միջազգային հիմնադրամի Փառքի ակումբի 27 համարային մրցոյթի դափնեկիր դարձաւ: Ա. Բեգլարեանի 44-օրեայ պատերազմի մասին «Թողնուած գնդակը» պատմուածքը միջազգային մրցոյթին գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին արձակագիրը նշեց, որ պատմուածքը ոչ թէ մարտական գործողութիւններու, այլ պատերազմական պայմաններու մէջ մարդկային հոգեբանական ապրումներու մասին է` փիլիսոփայական եզրակացութիւններով:
«Մրցոյթը կայացած է Մոսկուայի մէջ, ներկայացուած են տարբեր երկիրներու հեղինակներու 53 գեղարուեստական գործեր: Մասնակցած են միայն նախորդ մրցոյթներուն յաղթած հեղինակները, բան մը, որ մրցոյթը դարձուց աւելի ծանրակշիռ», յայտնեց Ա. Բեգլարեան:
Մրցոյթին մասնակցելու հանգամանքը, ըստ Բեգլարեանի, կարեւոր է միջազգային ասպարէզի մէջ հերթական անգամ Արցախը պատշաճօրէն ներկայացնելու տեսանկիւնէն:
Միջազգային ասպարէզին մէջ տասնեակէ մը աւելի մրցանակներու արժանացած արցախցի գրողը նշեց, որ «Մրցանակները ինքնանպատակ չեն`, այլ գլխաւորը աշխարհին Արցախի մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելն է»:
Ա. Բեգլարեան իր զրոյցի ընթացքին խոստովանեցաւ, որ իր գրական թեմայի հիմնական ուղղուածութիւնը պատերազմն է, բայց չի սահմանափակուիր միայն անով:
«Գրողը միշտ պէտք է կատարելագործուի, միշտ պէտք է ձգտի դէպի գեղեցիկը, լաւը, բարին, դէպի` Աստուած: Այս անվերջ գործընթաց է», ընգծեց ան` տեղեկացնելով, որ շուտով ընթերցողի սեղանին պիտի դնէ «Կորցրած արեւի նարինջը» վէպը` Համաշխարհային մեծ պատերազմի մասին, որուն ընթացքին անհետ կորած է իր պապը: Գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ արցախեան պատերազմները, որոնց մասնակցած է հեղինակը:
Բեգլարեան իրավիճակէն մեկնելով կը ձգտի նաեւ իբրեւ լրագրող, հրապարակախօս անդրադառնալ Ազրպէյճանի ապատեղեկատուութիւններուն եւ փաստերով ներկայացնել միջազգային հանրութեան իրականութիւնը Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ:
«Այսօր կը լրանայ Արցախի 120 հազար բնակչութեան հանդէպ իրականացուող յանցագործութեան 100-րդ օրը: Տարբեր մտացածին պատճառներով Ազրպէյճանը ահաբեկչական գործողութիւններ կ`իրականացնէ Արցախի ժողովուրդին դէմ: Յստակ են անոր նպատակները` ցեղային զտում, հերթական ոճրագործութիւն հայերու դէմ: Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ կատարէ Միջազգային դատարանի որոշումը Բերձորի միջանցքի` «Կեանքի ճանապարհ»-ի վերաբերեալ եւ նստի իրական բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», եզրափակեց արձակագիրը: