Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երկրորդ անգամն ըլլալով յայտարարութիւն տարածած է` պնդելով, թէ Ղարաբաղի մէջ հայկական ուժերը «ապօրինի գործունէութիւն կ՛իրականացնեն»:
Նախարարութիւնը մասնաւորապէս կը պնդէ, թէ իրենք յաջողած են հաւաստել, որ «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, ուր ռուսական խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած են ժամանակաւորապէս, հայկական զինուած խմբաւորումները անօրինական ճամբաներ կը բանան` ռազմամթերքի փոխադրման համար»:
Պաքուն ոչ միայն հայկական կողմը մեղադրած է` «եռակողմ յայտարարութիւնները կոպտօրէն խախտելու համար», այլեւ` Մոսկուան, պնդելով, թէ «ռուս խաղաղապահները չեն իրականացներ իրենց վրայ դրուած պարտաւորութիւնները եւ հիմքեր կը ստեղծեն շրջանին մէջ լարուածութեան մեծացման համար»:
«Մենք կը վերահաստատենք, որ Երեւանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը կրէ այդ սադրանքներուն եւ անոնց պատճառով հաւանական մարդկային կորուստներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը», վերստին զգուշացուցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն Պաքուն կատարած էր նաեւ շաբաթասկիզբին, անկէ մէկ օր ետք հաղորդուած էր, որ Երասխի հատուածի մարտական դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զինուոր մը զոհուած է: