Խաղաղութեան պայմանագիրի հասնելու համար Հայաստանը պէտք է բարեխղճօրէն բանակցի. այս մասին գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէն` ի պատասխան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թուիթըրեան գրառումին: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Մեր շրջանին մէջ պէտք է գերակայէ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը, եւ որեւէ սրում պէտք է լուծուի միջազգային օրէնքի արժեչափերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ: Միջազգային ընտանիքը կը սատարէ այս պատումին», Փաշինեանի ի պատասխան գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Փաշինեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ըլլայ, եւ անիկա հիմնուած պիտի ըլլայ բարձրագոյն մակարդակով ընդունուած միացեալ պաշտօնական յայտարարութիւններու վրայ:
«Նոր մագլցում պիտի չըլլայ, միջազգային ընտանիքը պէտք է վճռականօրէն աջակցի այս պատումին», գրած է Փաշինեան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մեծապէս ներգրաւուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու կազմակերպման գործին մէջ:
«Մենք ոգեւորուած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացով: Մենք շատ կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանի պատգամը այդ յառաջընթացին վերաբերեալ», գրեց Փաթել:


