Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Հեռաձայնած Է Ալիեւին Եւ Ընդգծած` Չկայ Զինուորական Լուծում, Վերահաստատած Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման Կարեւորութիւնը

March 23, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երեքշաբթի օր հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` առաջարկելու Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմանի խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու գործին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել:

«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն քաջալերեց չլուծուած խնդիրներուն լուծում գտնելը եւ ընդգծեց, որ չկայ զինուորական լուծում: Ան վերահաստատեց առեւտրական եւ սեփական ինքնաշարժներու համար Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան հոլովոյթին շարունակական համագործակցութիւն կ՛ակնկալեն», նշուած է Ուաշինկթընի հաղորդագրութեան մէջ:

Պլինքըն իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ` նշելով. «Այսօր խօսեցայ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ` արտայայտելու աջակցութիւնս Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան մը եւ մեր պատրաստակամութիւնը այդ ջանքերը դիւրացնելու: Ուղիղ բանակցութիւնները միակ ճամբան են` հասնելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան»:

Ազրպէյճանական կողմին հաղորդումով` Ալիեւ Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը` պատճառաբանելով, թէ հայկական կողմը կը շարունակէ Ղարաբաղ զինուորական փոխադրումները:

«Ճամբու շրջափակումը Հայաստանի կեղծ քարոզչութիւնն է», պնդած է Ազրպէյճանի նախագահը` անգամ մը եւս մատնանշելով անցեալ 100 օրերուն ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի մեքենաներու անցումը Բերձորի միջանցքէն: Ըստ անոր, այդ մեքենաներու թիւը կը գերազանցէ 4700-ը:

Ազրպէյճանի ղեկավարը նաեւ յայտարարած է, թէ վերջին շաբաթներուն հայկական կողմը, «չարաշահելով Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայումը, դիտումնաւոր կերպով կը սրէ իրավիճակը, կը խախտէ զինադադարը»:

Ալիեւ ըսած է, որ պատրաստ է մօտիկ ապագային ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որուն բնագիրը վերջին առաջարկներով եւ փոփոխութիւններով արդէն ներկայացուած է հայկական կողմին: Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ղարաբաղի հայերը Պաքու այցելելու հրաւէր ստացած են` «քննարկելու համարկումն ու ենթակառոյցները»:

Պլինքըն մէկ օր առաջ հեռաձայնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոնք քննարկած են Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հեռանկարներու շուրջ:

Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ աճող յարձակողական հռետորաբանութեան նկատմամբ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը վերահաստատած է Բերձորի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին իր կոչը եւ ընդգծած, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են շարունակելու աջակցութիւնը վերոնշեալ հոլովոյթներուն:

Ան նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ զրոյցի մասին գրառում կատարելով յայտնած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան միակ ուղին դիւանագիտութիւնն է»:

 

 

Նախորդը

Երասխի Հատուածի Մարտական Դիրքին Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Զինուոր Մը Զոհուած Է

Յաջորդը

Պատասխանելով Բերձորի Միջանցքի Մասին Հարցումին` Քըրպի. «Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Թուլացնելու Լարուածութիւնը. Չենք Ուզեր Որեւէ Բռնութիւն Տեսնել»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.