Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի փետրուար ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 25,52 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի յունուար ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 29,51 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 22,1 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 29,22 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 26,66 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 28,17 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 29,81 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2023-ի փետրուար ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 189,67 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2022-ի փետրուար ամսուան: