Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Խոստովանած Է «Ուժի Չկիրարկման» Սկզբունքի Կոպիտ Խախտումը

March 10, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոստովանած է «ուժի չկիրարկման» սկզբունքի կոպիտ խախտումը: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ան իր խոստովանութիւնը կատարած է Պաքուի մէջ «Աշխարհը այսօր. մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր» 10-րդ միջազգային խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին:

«Տագնապները կարելի է լուծել երկու ճամբով` խաղաղ եւ ոչ խաղաղ: Մենք շատ ջանք գործադրեցինք Հայաստանի հետ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու համար, հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի մէջ հայկական բռնագրաւումին հետեւանքով յառաջացաւ մարդասիրական ճգնաժամ, աւելի քան 1 միլիոն ազրպէյճանցիներ մնացին անօթեւան, դարձան գաղթականներ եւ հարկադիր վերաբնակներ», ուռճացած թիւեր ներկայացնելով ըսած է Ալիեւ:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կ՛ուզէր, որ ղարաբաղեան տագնապը ընդմիշտ սառեցուի: 1992 թուականին` տագնապին բռնկումէն անմիջապէս ետք, ԵԱՀԿ-ը ստեղծեց Մինսքի խմբակը: Սակայն, ցաւօք, 28 տարուան ընթացքին Մինսքի խմբակը ոչ մէկ արդիւնքի հասաւ: Եւ բանակցային հոլովոյթի վերջաւորութեան մեզի կը թուէր, որ անոնք պարզապէս կ՛ուզեն սառեցնել իրավիճակը: Անոնք կ՛ուզէին, որ այս տագնապը ընդմիշտ սառեցուի: Սակայն մենք չհամաձայնեցանք: Մենք կատարեցինք այն, ինչ որ անհրաժեշտ նկատեցինք` օգտագործելով ինքնապաշտպանութեան մեր իրաւունքը, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, մասնաւորաբար` յօդուածը: Մենք ուժով ազատագրեցինք մեր տարածքները: Ատիկա մեր օրինական իրաւունքն էր», ըսած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

«Ազրպէյճանի ժողովուրդը վրէժ պահանջելու բարոյական իրաւունք ունի, եւ ես կրնամ ատիկա հասկնալ: Սակայն իմ խօսքերուս էութիւնը այն է, որ մենք վրէժ լուծեցինք պատերազմի դաշտին վրայ: Մենք որեւէ զինուորական յանցագործութիւն չենք գործած` ի տարբերութիւն հայերուն: Մենք ցեղասպանութիւն չենք կատարած` ի տարբերութիւն հայերուն: Եւ մենք վրէժ լուծեցինք պատերազմի դաշտին վրայ: Եւ ահա, եկած է խաղաղութեան ժամանակը», ըսած է Ալիեւ:

Նախագահ Ալիեւ ըսած է, որ պատերազմէն անմիջապէս ետք` 2020 թուականի նոյեմբերին, Ազրպէյճանը հանդէս եկած է խաղաղ բանակցութիւններու սկսելու նախաձեռնութեամբ եւ ներկայացուցած է 5 սկզբունքներ, որոնք կրնային հիմ հանդիսանալ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի կնքման համար: «Յոյսով ենք, որ միջազգային դերակատարները, որոնք կը փորձեն աջակցիլ այս հարցին մէջ, Հայաստանին պիտի համոզեն չփախցնել այս կարելիութիւնը: Մենք չենք ցանկար պատերազմ մը եւս, եւ մենք կը կարծենք, որ խաղաղութեան հասնիլ կարելի է: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար որեւէ խոչընդոտ չկայ», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:

«Այն, որուն շուրջ անցեալ տարուան հոկտեմբերին համաձայնութիւն գոյացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, մասնաւորաբար իրարու գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու վերաբերեալ, փաստացի ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան հասնելու համար որեւէ խոչընդոտ չկայ»:

Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճան բազմակրօն, բազմազգ երկիր է. «Հետեւաբար, ես վստահ եմ, որ Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերու կեանքը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան բռնագրաւումի ժամանակ: Իւրաքանչիւր տագնապ ունի իր պատմութիւնը, իր ընթացքը եւ իր աւարտը: Սակայն կարեւորը այն է, որ երկիրներուն միջեւ վէճերը կը լուծուին միջազգային օրէնքին հիման վրայ, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը չեն կրնար ուժով փոխուիլ»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Հայաստանը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կարեւոր Նկատած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Շահագրգիռ Դերակատարներու Կառուցողական Ներգրաւուածութիւնը

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.