Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Հայաստանը

March 10, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ Հայաստանի հասցէին մեղադրական յայտարարութիւն հրապարակած է` գլխիվայր շրջելով իրականութիւնը եւ նշելով, որ Հայաստանը կը «խեղաթիւրէ» Միջազգային դատարանի որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

«Ազրպէյճանի նկատմամբ հայկական կողմի յարձակողական քաղաքականութեան եւ անօրինական քայլերու կանխարգիլման նպատակով անհրաժեշտութիւն կայ Լաչինի ճամբու սկիզբի մասին մէջ ստեղծել հսկիչ անցակէտ: Ազրպէյճան այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն իր ազգային շահերուն եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան համար», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումին, որ, իբրեւ թէ, Ազրպէյճանի տարածքին մէջ չկան Հայաստանի զինեալ ուժեր, անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ Հայաստանը ո՛չ միայն հիմա, այլեւ գրեթէ 30 տարուան բռնագրաւումի ժամանակ փորձած է ապացուցել, որ չէ բռնագրաւած ազրպէյճանական տարածքները: Մինչդեռ յայտնի է Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման, իր բոլոր ուժերու տեղակայման փաստը Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, Ազրպէյճանի տարածք սպառազինութիւն հասցնելու փաստը, այն, որ բոլոր ուժերը ենթարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին, որ շատ զինուորներու դէմ յարուցուած են քրէական գործեր, եւ անոնք ձերբակալուած են ինքնին Հայաստանի տարածքին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի է, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ընդունած է, որ հայկական ուժերը դուրս չեն բերուած Ազրպէյճանի տարածքէն: Բացի ատկէ, հակառակ անոր որ յայտարարուած է, թէ ուժերը դուրս պիտի բերուին 2022 թուականի սեպտեմբերին, յայտնի է, որ ատիկա տակաւին տեղի չէ ունեցած: Ինչ կը վերաբերի այն պարտաւորութիւններուն, թէ ի՛նչ ուժեր պէտք է դուրս բերուին Ազրպէյճանի տարածքէն, անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ համաձայն 10 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 4-րդ կէտին` Ազրպէյճանի տարածքէն պէտք է դուրս բերուին հայկական բոլոր զինեալ ուժերը, եւ այս հարցին մէջ շահագործումները անթոյլատրելի են», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:

«Նշուած է, որ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսախցիկներու ամրագրած դիտարկումները այն մասին, որ հայկական զինեալ ուժերը Խանքենդի-Խալֆալի-Թուրշսու ճամբան օգտագործած են զինուորական նպատակներով, կեղծաւորութիւն է: Ամբողջովին անհիմն են Հայաստանի մեղադրանքները, որ կոպտօրէն խախտած է միջազգային իրաւունքի արժեչափերն ու սկզբունքները վերջին 30 տարուան ընթացքին եւ պարտաւորութիւններու մեծ մասը, որոնք ստանձնած է 2020 թուականի պատերազմէն ետք 10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ` առ այն, որ Ազրպէյճանը, որուն հողերը բռնագրաւած էր, չի կատարեր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ճիշդ նոյն ձեւով ալ անթոյլատրելի են Հայաստանի պնդումները, թէ Ազրպէյճան կը մերժէ կատարել այդ որոշումը», ընդգծուած է մեկնաբանութեան մէջ:

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Պատանիներու Եւ ԼԵՄ-ականներու Շնորհաւորական Այցելութիւններ

Յաջորդը

Ալիեւ Խոստովանած Է «Ուժի Չկիրարկման» Սկզբունքի Կոպիտ Խախտումը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.