ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը Հալէպի երկինքին վերեւ դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակումի մը:
Իսրայէլեան յարձակումը հրթիռներով թիրախ դարձուցած է Հալէպի միջազգային օդակայանը, որ դադրած է գործելէ: Սուրիոյ մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ յարձակումը թիրախ դարձուցած է օդակայանի էջուղին:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 2:07-ին Իսրայէլ Լաթաքիոյ արեւմուտքը գտնուող Միջերկրական ծովու ուղղութենէն օդային յարձակում մը գործած է` թիրախ դարձնելով Հալէպի միջազգային օդակայանը, որ ստացած նիւթական վնասներուն պատճառով դադրած է գործելէ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Իսրայէլի` Հալէպի միջազգային օդակայանը հարուածելը երկակի ոճիր է, որովհետեւ Հալէպի օդակայանը քաղաքային օդակայան մըն է եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու հիմնական ուղի»:


