ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.400 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.439.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.474.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.372.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 976.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեցին նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի նախագահած նախարարական ժողովի մը ընթացքին որոշուեցաւ ամառնային եւ ձմեռնային ժամանակացոյցերը պահել նոյնը: Հետեւաբար Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան. շաբաթ, 25-էն կիրակի, 26 մարտի լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ մարտիկները բացայայտեցին իսրայէլեան լրտեսական սարք մը, որ զետեղուած էր «Ապատ»-ի դիրքին մօտակայքը, լիբանանեան հողերուն վրայ:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր Ժնահ-Սուլթան Իպրահիմ շրջանին մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան «Պէ 7» տիպի նռնականետեր: Զինեալ բախումները անձնական հարցեր ունեցող անհատներու միջեւ էին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող վարչական եւ գումակային նախապատրաստութիւնները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ յայտնեց, որ զէնք կրելու արտօնագիր շնորհելու լիազօրութիւնը կը վայելէ միայն պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ դրամատուներու թղթածրարներուն հարցերը քաղաքականացուած են, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու: Խուրի նկատել տուաւ, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գումարած ժողովները ապօրինի են:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ կարելի չէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն իշխանութիւնը վերանորոգել` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Մար Մխայէլի մէջ իր ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրով ընտրեց պետութեան մէջ պետութեան զօրակցիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք հաստատեց, որ քաղաքական, օրէնսդրական եւ թեկնածութեան հաւասարակշռութիւն մը գոյացած է եւ անիկա կրնայ նախագահական ընտրութեան արգելակումին անմիջապէս վերջ տալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց ընտրելու գերիշխան եւ քաղաքական կամ ելեւմտական փտածութեան մէջ չներքաշուած, ինչպէս նաեւ փրկութեան ծրագիր մը ունեցող հանրապետութեան նախագահ մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց բոլորին ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, ի՛նչ ալ ըլլան ընտրութեան արդիւնքները: Ան հաստատեց, որ երկրին կացութեան քաջածանօթ նախագահի մը ընտրութիւնը կը կազմէ Լիբանանի պայթումը կանխարգիլելու յոյսի առաջին նշոյլը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր կոչ ուղղեց պատասխանատու կերպով վարուելու, որովհետեւ բախումն ու ճակատումը կրնան քանդումի առաջնորդել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը հեռու պահելու քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ բաւարարուելու միայն այլ հաստատութիւններու քանդումով: