Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին «Բանակը Է՛ր Ու Կը Մնայ Լիբանանեան Միասնականութեան Խորհրդանիշը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

March 15, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք փոխանցելով նիստին մանրամասնութիւնները` յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման պահանջած է փճացած սննդամթերքի յանցանքով ամբաստանուող յանցագործներուն պատիժը բազմապատկել:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ նման գայթակղութիւն կը վնասէ նաեւ երկրին զբօսաշրջութեան` շեշտելով, որ հարկ է հսկողութիւնը խստացնել:

Նախագահ Սլէյման դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան կրնայ մեծապէս օգտուիլ զբօսաշրջութեան մարզէն, ինչպէս նաեւ դրուատեց երկրէն արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն արժէքը, որ հասած է 3 միլիառ 500 միլիոն տոլարի, ինչ որ նշանակալից է, յատկապէս լիբանանեան գինիի արտածումին առումով:

Տաուքի համաձայն, նախագահ Սլէյման դրուատած է նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ահաբեկչական բջիջներու բացայայտման առումով: «Բանակը է՛ր ու կը մնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը եւ երկրին ապահովական կայունութեան ողնաշարը, հետեւաբար հարկ է պահպանել բանակը` ապահովելու համար երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց, որ պաշտպանութեան եւ ներքին ապահովութեան նախարարները գործակցին` յատկապէս ահաբեկչական այդ բջիջին բացայայտումին առումով:

Տաուք նշեց նաեւ, թէ նախագահ Սլէյման հաստատած է, որ ինք պիտի ներկայացնէ Լիբանանը, յառաջիկայ 29 մարտին Պաղտատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին:

Տաուք աւելցուց, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն իմաստով դրական մթնոլորտ կը տիրէ: Ան աւելցուց, որ հարկ է այդ դրական մթնոլորտը տեղեկատուութեան մարզին ընդմէջէն արտացոլացնել, որպէսզի քաղաքացիին մտավախութիւնները փարատին:

Նախարարը յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ վարչապետարանին մէջ, յառաջիկայ չորեքշաբթի կէսօրէ ետք:

Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ընդգծած են ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Կառավարութիւնը որոշեց Թրիփոլիէն Պէյրութ մայրուղին լայնցնել:

Տաուք աւելցուց, որ կառավարութիւնը  չքննարկեց մսխուած 11 միլիառ տոլարի թղթածրարը:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Վերադարձաւ Լիբանան

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ֆուատ Մախզումին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.