Ռուսիոյ ռազմավարական ու երկարաժամկէտ դաշնակիցները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր կողմէ վերահսկուող կառոյցներու եւ պետութիւններու ճնշման տակ: Այս մասին «Լենթա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
Կալուզին Ռուսիոյ երկարաժամկէտ դաշնակիցներու շարքին նշած է Պիելոռուսիան` իբրեւ Միութենական պետութեան մաս, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան` ԵԱՏՄ (Ռուսիա, Հայաստան, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզիստան) եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ (Ռուսիա, Հայաստան, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան) երկիրները:
«Իբրեւ երկարաժամկէտ դաշնակիցներ` մենք, անշուշտ, նկատի ունինք Պիելոռուսիան Միութենական պետութեան ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրները: Միեւնոյն ժամանակ մենք քաջատեղեակ ենք Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող կառոյցներու ու պետութիւններու կողմէ մեր ռազմավարական գործընկերներու վրայ գործադրուող աննախադէպ ճնշման մասին», ըսած է Կալուզին:


