Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ թունուզեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղադրուած հակահրթիռային համակարգերը Իրանի դէմ կարելի չէ գործածել: «Ատիկա բացայայտ կերպով կ՛ըսեմ», նշած է ան:
Հակազդելով լրագրողի այն արտայայտութեան, թէ որոշ փորձագէտներ հակահրթիռային կայանները կը համարեն Իրանի դէմ, Իսրայէլի պաշտպանութեան միջոց` Կիւլ պատասխանած է. «Նման բան չի կրնար ըլլալ: Իսրայէլը ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ եւ ՕԹԱՆ-ի կարելիութիւններէն չի կրնար օգտուիլ: Առաւել, Թուրքիոյ մէջ նման բան կարելի չէ ըլլայ: ՕԹԱՆ իր որոշումները միասնաբար կը կայացնէ: Այդ բոլորը Իսրայէլի քարոզչութեան արդիւնքն է»:
Հարցազրոյցին մէջ Կիւլ անդրադարձած է նաեւ «Արաբական գարուն»-ին: Խօսելով այն փաստի մասին, որ «Արաբական գարուն»-ը վերապրած շարք մը երկիրներու մէջ իսլամական կուսակցութիւնները իշխող դիրք գրաւեցին` Կիւլ ըսած է, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ի՛նք իր ճակատագիրը կ՛ընտրէ:
«Սակայն եթէ իսլամութեան անունով, կրօնի անունով խօսող կուսակցութիւնը ձախողութեան մատնուի, ապա կրօնը պիտի վարկաբեկուի: Ճիշդ այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ մէջ կրօնական կուսակցութիւններ չկան»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» սկզբունքին` Կիւլ ըսած է, որ «զերօ խնդիրներ» ունենալ կը նշանակէ խաղաղ ըլլալ, թշնամութիւն չունենալ, փոխարէնը, դրացիներու հետ միասնական ըլլալ: «Եթէ դրացիներու միջեւ համագործակցութիւն, կայունութիւն չըլլայ, վստահութիւն ալ չ՛ըլլար», ըսած է Կիւլ` աւելցնելով, որ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Թունուզը, ո՛չ ալ միւս պետութիւնները իրենց հարեւանները փոխելու կարելիութիւն ունին:


