Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Նոյնիսկ Հայաստանի Սովորական Քաղաքացիները Դիմեցին Մեզի` Սուրիոյ Օգնութեան Ձեռք Երկարելու Փափաքով». Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Դեսպան Նորա Արիսեան
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնց հետ քննարկեց վերջերս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքները եւ յառաջացած դժուարութիւններու յաղթահարման ուղիները, ինչպէս նաեւ` համայնքը յուզող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին մասնակցեցան` Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը, դեսպանութեան սուրիահայ համայնքի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանը, յանձնախումբի այլ անդամներ, դեսպանատան աշխատակիցներ, գործարարներ: Ոչ պաշտօնական, անմիջական զրոյցի ընթացքին նախագահ Խաչատուրեան անգամ մը եւս իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին աղէտալի երկրաշարժին վերաբերեալ, որ հարիւրաւոր անմեղ զոհերու, վիրաւորներու եւ հսկայական աւերածութիւններու պատճառ դարձաւ: «Դժբախտութեան ժամանակ պարտաւոր ենք իրարու օգնել: Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ շփման մէջ ենք Սուրիոյ մեր գործընկերներուն հետ եւ մեր ունեցած կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ կը փորձենք մեղմել ձեր ցաւը: Կը փափաքիմ անգամ մը եւս ցաւակցիլ Սուրիոյ ժողովուրդին: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ձեր մէջ ուժը չպակսի, յոյսը չմարի», իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ նախագահը: Սուրիահայերը բարձր գնահատեցին այս դժուարին օրերուն Հայաստանի կառավարութեան անփոխարինելի օգնութիւնը:
Դեսպան Նորա Արիսեան նշեց, թէ Հայաստանը կրկին ապացուցեց, որ Սուրիոյ լաւագոյն բարեկամներէն մէկն է եւ կանգնած է Սուրիոյ կողքին: Անոր խօսքով, նոյնիսկ Հայաստանի սովորական քաղաքացիները դիմած են իրենց` Սուրիոյ օգնութեան ձեռք երկարելու փափաքով: Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնեց, որ Սուրիան մօտ ապագային կը կարողանայ դժուարութիւնները յաղթահարել եւ ոտքի կանգնիլ ու շեշտելով յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը` կարելի եղածին չափ աջակցելու սուրիահայ համայնքի հարցերու յաղթահարման եւ լաւագոյն աւանդոյթներ ունեցող հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
ՀՕՄ–ի Եւ Այլ Կազմակերպութիւններու Ուղարկած Մարդասիրական Բեռը Խմբաւորուեցաւ Եւ Տրամադրուեցաւ Որոշ Խումբերու Ներկայացուցիչներու
Փետրուար 21-ին Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նորանշանակ նախարար Արմէն Մանկասարեանի հետ: Լիլիթ Մարտիրոսեան շնորհաւորեց նախարարը` պատասխանատու պաշտօնի նշանակութեան առիթով: Ան շեշտեց ՀՕՄ-ի համագործակցութիւնը պետական տարբեր կառոյցներու հետ` աւելի նպատակային օժանդակութեան տրամադրման առումով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակել այն` յանուն Արցախի պետութեան կայացման:
Արմէն Մանկասարեան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի հետ համագործակցութիւնը` նշելով, որ երբ Արցախի բնակարանային կոմիտէի ղեկավարի պաշտօնին վրայ եղած է, առիթը ունեցած է ծանօթանալու ՀՕՄ-ի գործունէութեան եւ արագ ու գործնական գործելաոճին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս դժուար օրերուն Արցախի կողքին գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն, որոնց կարգին` ՀՕՄ-ին:
Յիշեցնենք, որ շրջափակման օրերուն ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը մօտաւորապէս 10 թոն պարէնամթերք յանձնեց Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն: Այս եւ այլ մարդասիրական օգնութիւնը կեդրոնացուեցաւ Գորիսի մէջ, եւ երբ կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, Արցախ հասցուեցաւ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ: Արմէն Մանկասարեան տեղեկացուց, որ Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան կողմէ նախ խմբաւորուեցաւ եւ ապա տրամադրուեցաւ ընկերային որոշ խումբերու ներկայացուցիչներու` 4 եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքներու, զոհուած եւ անհետ կորսուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, պատերազմի մասնակիցներու եւ նախարարութեան դիմած ընկերային անապահով ընտանիքներու:
Լիլիթ Մարտիրոսեանի առաջարկով Արցախ հասած օժանդակութենէն յատկացուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին դիմում ներկայացուցած ընկերային անապահով ընտանիքներու:
Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ, Ապա Հոգեհանգստեան Կարգ` Նուիրուած Սուրիոյ Երկրաշարժի Զոհերուն
19 փետրուարին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին, Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերուն հոգիներուն համար մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի կողմէ: Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեան:
Մաշտոց վրդ. Զահթերեան իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ 13 օրեր առաջ Սուրիոյ հայաբնակ վայրերը հարուածած երկրաշարժին` ըսելով. «Պատմական հայրենիքի արհաւիրքէն հազիւ ճողոպրած ու պատմականօրէն հայկական օրրան հանդիսացող Հալէպ քաղաքն ու շրջակայ տարածքները դարձան թիրախ երկրաշարժի, որ նիւթական կորուստներէ բացի` խլեց կեանքը հազարաւոր մարդոց, որոնց շարքին մեր ազգի զաւակները…»:
Ան աւելցուց. «Այսօր այս սուրբ եւ անմահ պատարագը կը մատուցենք` ի հանգստութիւն զոհերու հոգիներուն եւ ի մխիթարութիւն անոնց ազգականներուն` ցաւակցելով անոնց, որոնք ակնթարթի մէջ կորսնցուցին ամէն ինչ…»: Այնուհետեւ հայր սուրբը անդրադարձաւ սուրիահայութեան կրած տառապանքներուն` ըսելով. «Պատմական Հալէպ քաղաքի մեր հայրենակիցները շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր կը մաքառին եւ կը փորձեն իրենց գոյութիւնը ապահովել` ջանալով իրենց մակոյկը հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ թիավարել, սակայն այս վերջին արհաւիրքը շատ անսպասելի ու չափազանց ուժգին հարուածեց Սուրիոյ ժողովուրդին, մասնաւորապէս` հայերուս…»:
Հայր Մաշտոցը հայ իրականութեան համար Հալէպ քաղաքին ունեցած կարեւոր նշանակութիւնը ամփոփեց հետեւեալ խօսքերով. «Հալէպ` կը նշանակէ սփիւռքի մէկ սիրտը, որուն ակունքները սկիզբ առած են վաղ միջնադարուն, երբ հայերը ունեցած են հայկական գաղութ, ուր գործած է միջնադարեան մանրանկարչութեան համալսարանը…»:
Ան իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց իւրաքանչիւր հայու, որ ձեռք կ՛երկարէ այս աղէտալի արհաւիրքէն դուրս գալու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն, որոնք ամէն ջանք ներդնելով` չզլացան օգնութիւն ուղարկել Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան բոլոր տարածքները, նաեւ ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ` Թուրքիոյ, «ուր մեր պատմական հողերը դարձեալ կ՛արտասուեն…»:
Ան իր քարոզը եզրափակեց հետեւեալ կոչով. «Ուստի օրհասական այս պահուն պարտական ենք ազգովի ձեռք երկարելու այնտեղ բնակող մեր հայրենակիցներուն եւ ոչ միայն…»:
Հաղորդենք, որ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան կարգ, այնուհետեւ կաթողիկոս-պատրիարքը կատարեց վերջին օրհնութիւնը:
Շարլ Ազնաւուրի Յոբելենական Ծրագիրը Կազմելու Նպատակով Կ՛Ընդունուին Դիմումնագիրներ
2024 թուականին պիտի ամբողջանայ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը: Այս առիթով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը հաւաքէ ստեղծագործական մտայղացումներ եւ գաղափարներ, որոնք կրնան ընդգրկուիլ յոբելենական ձեռնարկներու ծրագրին մէջ:
Նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ դիմումնագիրները պէտք է բովանդակեն` ծրագիրը, կազմակերպութեան անուանումը, բովանդակութեան հակիրճ նկարագրութիւնը եւ նախատեսուող ֆինանսաւորման չափը:
Հաղորդենք, որ դիմումնագիրներու ընդունման վերջնաժամկէտը մարտ 22-ն է:
Արցախի Մշակութային Հարստութիւնը Ներկայացուեցաւ Առցանց Ցուցահանդէսով
Ամերիկայի Հայկական թանգարանը եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, հաւատարիմ մնալով հայոց ազգային մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութիւնը հաւաքագրելու, պահպանելու, ուսումնասիրելու եւ տարածելու առաքելութեան, իրենց ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահեցին Արցախի հազարամեայ պատմական մշակութային հարստութեան ներկայացումը աշխարհին:
Երկու թանգարաններու միացեալ առցանց ցուցադրութեան` «Արցախի գանձեր»-ի նպատակն է Արցախի հազարամեակներէ սերած հնագիտական, միջնադարեան եւ նորագոյն ժամանակաշրջանի հոգեւոր եւ նիւթական ժառանգութիւնը վերհանելն ու ցուցադրելը: Առցանց ձեւաչափով միաւորելով հայկական թանգարաններու հաւաքածոները մէկ` հարթակի վրայ կը ներկայացնեն Արցախի մշակութային հարստութիւնը:
Այս համագործակցութիւնը կամրջեց 16 հայկական թանգարաններ, որոնք տարիներու ընթացքին հաւաքած են հայոց մշակոյթի ու պատմութեան խօսուն վկայութիւնները եւ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած են այդ արժէքները պահպանելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ:
Ցուցադրութեան համադրողներէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի գիտական գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Ամերիկայի Հայկական թանգարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին որոշած են միասին առցանց ցուցադրութիւն կազմակերպել:
«Նկատի առնելով վերջին իրադարձութիւնները, որոնց պատճառով մենք Արցախի մէջ մշակութային մեծ ժառանգութեան կորուստ ունեցանք, որոշուեցաւ առաջին ցուցադրութիւնը նուիրել Արցախի մշակութային ժառանգութեան», նշեց ան:
Արցախը եւ Ուտիքը, ըլլալով Մեծ Հայքի արեւելեան նահանգները, իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած են հազարամեայ բազմաշերտ հայ մշակոյթի կերտման գործին մէջ: Արցախի մշակոյթի իւրօրինակ եւ զարգացող շարունակականութիւնը այստեղ ներկայացուած է հազարամեակներու դիտակէտէ: Ցուցադրուած են` քարէ եւ պրոնզէ դարերու իրեր, Արցախի բնորոշ եզակի քարակոթողներ, զէնքեր, խեցեղէն, զարդեր եւ պաշտամունքի առարկաներ, ինչպէս նաեւ` միջնադարեան վաղագոյն ձեռագիրներ, գորգեր, տարազներ, գօտիներ, վաղ շրջանի տպագիր գիրքեր, ամսագիրներ եւ լուսանկարներ:
Յայտնենք, որ ցուցադրութեան մասնակցեցան հետեւեալ թանգարանները` «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» թանգարան (Տիթրոյթ), Ամերիկայի Հայկական թանգարան (Պոսթըն), Արարատ Էսքիճեան թանգարան (Լոս Անճելըս), Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարան (Ստեփանակերտ), Համազգային հայագիտական միութիւն (Պոսթըն), Հայաստանի Ազգային գրադարան (Երեւան), Հայաստանի Պատմութեան թանգարան (Երեւան), Հայկական լուսանկարներու պահպանման արխիւային ծրագիր (Պոսթըն), Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ (Երեւան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան (Լիբանան-Անթիլիաս), Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան (Երեւան), Պատմաերկրագիտական թանգարան (Մարտակերտ), «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարան (Էջմիածին), Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն (Վենետիկ), Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւն (Վիեննա), «Տապան» թանգարան (Մոսկուա):
«Փորձեցինք այս փոքր ցուցադրութեամբ կարելի եղածին չափ ներկայացնել Արցախի մշակութային ժառագութիւնն ու պատմութիւնը», նշեց Նժդեհ Երանեան:
«Մշուշի Միջից» Խորագրով Ցուցահանդէս` Նուիրուած Արցախեան Շարժման 35-Ամեակին
Վերջերս Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ ցուցահանդէս, ուր ներկայացուեցան Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոյէն հրաշքով փրկուած գեղանկարներ:
Շուշի քաղաքի թանգարաններու ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան ներկայացուց այն գեղանկարները, որոնք 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին կը գտնուէին Շուշիէ դուրս` տարբեր ցուցադրութիւններու պատճառով, եւ տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ անոնց ցուցադրութիւնը:
«Ներկայացուած բոլոր 35 գեղանկարները Շուշիի թանգարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմէին: Անոնք տարբեր ժամանակներու, տարբեր հեղինակներու, բարերարներու կողմէ նուիրուած էին թանգարանին», ըսաւ Լ. Գասպարեան:
«Մշուշի միջից» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պատգամաւորներ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեանը եւ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` նախարարի խորհրդական Մելանեայ Բալայեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը, փոխքաղաքապետ Սամուէլ Ղուլեանը, արուեստի գործիչներ, մշակութասէրներ:
«35 տարի առաջ արցախցին տէր կանգնեցաւ իր ճակատագրին, արցախցին ի՛նքը որոշեց իր ճակատագիրը, իսկ այլընտրանքը պայքարն էր: Այդ պայքարը մեզի յաղթանակ բերաւ, սակայն մենք չսիրեցինք մեր յաղթանակը, չփայփայեցինք զայն: Մենք վայելեցինք փառք, այդ յաղթանակը վայելեցինք, իսկ այսօր երեւի անոր համար մենք յայտնուեցանք մշուշի մէջ: Մշուշի մէջ արցախցին նորէն սկսաւ իր պայքարը եւ ամէն մէկը` իւրովի: Նկարիչներն ալ իրենց վրձինով ու աշխատանքով կը պայքարին», բացման խօսքին մէջ նշեց Լուսինէ Գասպարեան:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշեց, որ ցուցահանդէսի «Մշուշի միջից» խորագիրը արդէն ամէն ինչ կ՛ըսէ:
«Բոլորս կը յիշենք Շուշիի մշուշը: Երբ արեւը ցոլքեր կու տար քաղաքին, ներքեւը ամբողջութեամբ մշուշ էր, եւ այդ մշուշին մէջէն վեր յառնեցան ու փրկուեցան այս նկարները: Ցուցադրելով այս նկարները` մեր հայրենակիցներուն կ՛ուզենք ըսել, որ ամէն ինչ չէ, որ կորսնցուցած ենք, ամէն ինչ չէ, որ կորսուած է եւ, բնականաբար, այս հիմք պէտք է հանդիսանայ, որ նորէն երթանք եւ 1846 թուականին կառուցուած շէնքին` Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ, վայելենք ո՛չ միայն այս, այլ նաեւ այն նկարներն ու կտաւները, որոնք աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ պատրաստակամ են, որ նորէն ցուցադրուին Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ», նշեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարարը:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, մենք նորէն պէտք է զգանք Շուշիի ոգին. «Շուշիի ոգին կը թեւածէ մեր մէջ, ինչպէս 22 մարտ 1920-էն ետք թեւածած է բոլոր շուշեցիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք համոզուած էին, որ եթէ ոչ իրենք, ապա` իրենց սերունդները: Այդպէս ալ եղաւ: Յոյս ունենանք, որ մենք այդ օրը կը տեսնենք», եզրափակեց փոխնախարարը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան հայ եւ օտար հեղինակներու` Վատիմ Պապով-Ամշելի, Անտրէյ Շուկարովի, Նիքոլայ Զոլոթարեւի, Եուրի Եղիազարեանի, Սեւադա Սարգսեանի, Սերգէյ Աւագեանի, Կարէն Աղամեանի,Կորիւն Նահապետեանի, Լուսինէ Յովհաննիսեանի,Վլադիմիր Գրիգորեանի, Զուլում Գրիգորեանի, Աշոտ Թադեւոսեանի, Գէորգ Մշեցի-Ճաւրուշեանի, Գրիգորի Գրիգորեանի, Համլեթ Յարութիւնեանի, Եուրի Գրիգորեանի, Յակոբ Յովհաննիսեանի, Հրաչ Յակոբեանի, Ռուբէն Կոնստանդեանի, Կարէն Գասպարեանի, Աւետիք Յակոբեանի եւ այլոց կտաւները:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի գործել մէկ ամիս: