Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Մարսելօ շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւն եւ մաս կազմէ ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիին, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշենք, որ նախորդ 18 փետրուարին պրազիլցին իր պայմանագրութիւնը խզելէ ետք յունական Օլիմփիաքոսի հետ, դարձաւ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
34 տարեկան Մարսելօ այս տարեշրջանին յունական ակումբին հետ իր կատարած 10 մրցումին ընթացքին նշանակեց երեք կոլ: