Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ռամոն Մենեզես նշանակուեցաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնակատար:
50 տարեկան Մենեզես, նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը, կը գլխաւորէր Պրազիլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը, որուն հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Անոր հետ Պրազիլ այժմ պիտի պատրաստուի 25 մարտին Մարոքի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Ինչպէս ծանօթ է, Պրազիլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը թափուր էր, Թիթէի ներկայացուցած հրաժարականէն ետք (2022-ի Մոնտիալին աւարտէն ետք):