Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ, ֆրանսացի Զինետտին Զիտան, դարձաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի Ալփին խումբին դեսպանը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆրանսացի անցեալի ֆութպոլիստը ներկայ եղաւ Ալփինի նոր ինքնաշարժի շնորհահանդէսին:
«Ֆորմիւլա-1»-ի 2023 տարեշրջանի աշխարհի ախոյեանութեան, Ալփինի վարորդները պիտի ըլլան, ֆրանսացիներ Էսթեպան Օքոն եւ Փիեռ Կազլի:
Վերջինս յայտնեց, որ պիտի վարէ թիւ 10 թիւը կրող ինքնաշարժը` նկատի ունենալով, որ Զիտան թիւ 10 մարզաշապիկով կը կատարէր իր մրցումները:
Նշենք, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի նոր տարեշրջանը կը սկսի 5 մարտին, Պահրէյնի կրան փրիով: