Եւրոպական Միութիւնը 20 փետրուարին Հայաստանի մէջ կը սկսի Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը` Համընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը:
Կը նշուի, որ առաքելութիւնը պաշտօնապէս ստեղծուած է խորհուրդի` 23 յունուար 2023-ի որոշումով:
«Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի հայկական կողմին վրայ տեղակայման նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, տագնապէն վնասուած շրջաններուն մէջ կառուցել վստահութիւն եւ անվտանգութիւն, ինչպէս նաեւ ապահովել միջավայր, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման ջանքերուն, ինչին կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը կ՛աւելցնէ, որ, ընդհանուր առմամբ, Եւրոպական Միութեան առաքելութեան` բացառապէս քաղաքային անձնակազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 100 մարդ, ներառեալ շուրջ 50 անզէն դէտ:
Առաքելութեան հրամանատարութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց ձորի մարզի Եղէգնաձոր քաղաքին մէջ: Եւրոպայի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Քաղաքային ծրագրաւորման եւ վարման կարողութիւններու գործադիր տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթ պիտի աշխատի իբրեւ քաղաքային գործողութիւններու հրամանատար, իսկ Մարքուս Ռիթըրը` իբրեւ առաքելութեան ղեկավար: