Խօսքը, անշուշտ, բռնատիրութեան դէմ իր սեփական զայրոյթը բարձացնելու եւ մարտնչելու համաժողովրդական ըմբոստութեան մը մասին է, որ կը յիշատակուի աւելի քան հարիւր տարիէ, պարզապէս որովհետեւ անոր թողած ժառանգը հիմք ու պատուանդան է եղած ազգային արժէքներու ու մարդկային պատուախնդրութեան առաւել բոցավառումին:
Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մաս կազմող ու անոր էութեան հետ շաղախուած յատկապէս այս ապստամբութիւնը, պատմական դիպաշար ըլլալու առընթեր, իր հետքերով խոր արմատներ ունի` սերունդներու դաստիարակութեան թէ ազգի ինքնաճանաչութեան իմաստով:
Այլ խօսքով` հաւաքական յիշողութեան զուլալ պատկերը հանդիսացած այս պատմակշիռ դրուագը, եթէ երբեք գոյատեւած է ու փոխանցուած սերունդէ սերունդ, ապա անոր հիմնական պատճառը` ազգի մը ինքնասիրութեան, արդարամտութեան եւ բռնաւորին դէմ կանգնելու հաւաքական գիտակցութիւնն է, որով ապրեր է տուեալ ժողովուրդը, հակառակ ներազգային կեանքի խեղճ ու թշուառ վերաբերումներու, մօտեցումներու եւ կեցուածքներու:
Արդ, սովորական արարք մը չէր պատահածը, ոչ ալ «արկածախնդրութիւն», «եղբայրասպանութիւն» եւ այլն, ինչպէս ուզած են անուանել զայն շատեր ու դեռ կը յաւակնին շարունակել` յագուրդ տալով իրենց ապազգային մօտեցումներուն, սին երազներուն եւ մտքի բոպիկութեան:
Ըստ երեւոյթին, պէտք էր սպասէինք Խորհրդային միութեան փլուզման ու անոր իբրեւ արդիւնք յառաջացած խօսքի ազատութեան, պատմական քննարկումներու թէ քաղաքական իրադարձութիւններու, որպէսզի Փետրուարեան ապստամբութեան ճշմարտացիութիւնը լոյսին գար եւ, ըստ այդմ, սեփական ժողովուրդի գիտակցութեան յանձնուէր, այլապէս արդար դատողութիւնը հունաւորելու եւ պայծառամտութեամբ շղարշելու ազգային պարունակը:
Հարկ է խոստովանիլ, որ այդպէս չեղաւ այս ապստամբութեան պարագային:
Որովհետեւ նախապաշարեալ մտայնութիւնը, որ առկայ էր խորհրդային օրերուն, կը շարունակէր իր աւերը` հետագայ սերունդներու կեանքին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան որ պատմական էջերու, հատորներու եւ կենդանի վկայութիւններու հարստութիւն մը կայ հայ ընթերցողին սեղանին, որով հարկ է առաւել զարգանալ ու հմտանալ ըմբռնելու համար պատմական որեւէ դրուագի էութիւնը, փաստօրէն, այս ապստամբութեան նկատմամբ ստեղծուած բարբաջանքը մնաց կարգ մը մարդոց կեանքը «սնուցող» երեւոյթ:
Մատնանշումը չի վերաբերիր բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուրջ եւ գիտական մօտեցումը արձանագրած են, ընդգծած ու եզրայանգումի մը հասած, յատկապէս այս ապստամբութեան առումով, այլ անոնց, որոնք յամառօրէն կամ տգիտաբար կառչած կը մնան հակադաշնակացական մոլուցքին` անպատուելով սեփական ժողովուրդի մը ճշմարիտ մէկ դրուագը, հերոսապատումը:
Իրօք, զարմանալին կը մնայ այն, որ անոնք` այս տեսակի մարդիկը, հակառակ կեանքի թաւալքին ու յառաջդիմութեան, նոյնինքն ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու հրատարակութեան, ժամանակակից պատմաբաններու թէ վերլուծաբաններու ստոյգ ու աներեր վճիռին, ամէն առիթի կը շեփորեն հնամաշ, փտած ու այլանդակ այն մօտեցումները, որոնք ծնունդ են եղած երբեմնի պոլշեւիկ, համայնավար թէ ապազգային տարրերու:
Միւս կողմէ, եւ բարեբախտաբար, ընդգծելին կը մնայ այն, որ դաշնակցական հրապարակագրութիւնը երկար ատենէ զերծ է ապաշնորհ վարքագիծերէ, որոնք ամուլ կը պահեն հայ կեանքը: Զիրար ամբաստանելու, խծբծելու եւ յերիւրածոյ խօսքերով ամբողջ հաւաքականութիւն մը թունաւորելու այլոց մարմաջը ի զուր կ՛անցնի, երբ կը տիրէ ողջմտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:
Այնքան ատեն որ Հայկին ըմբոստ ոգին կը շարունակէ սաւառնիլ հայ կեանքի երկնակամարին վրայ, նոյնպէս ալ պիտի յարատեւէ ապստամբութեան յիշատակը բարձր պահող սերունդներու կորովը, կամքն ու գիտակցութիւնը:
18 փետրուար 1921:
Հայաստանի խորհրդայնացումով հայ ժողովուրդը կը թեւակոխէր նոր փուլ: Պոլշեւիկներու հետ համաձայնութիւնը` խաղաղօրէն յանձնելու իշխանութիւնը, պահ մը կը դրժուէր, ու բռնատիրական մոլուցքը իր թաթը կը տարածէր ամէն կողմ: Ժամ առ ժամ համայնավար իշխանութիւնը կը սեղմէր իր օղակը` թալանի, կեղեքումի թէ սպանդի քաղաքականութիւն գործադրելով:
Ազատ ու անկախ Հայաստան կերտած հայ ֆետային, զինուորը, քաղաքական գործիչը, մտաւորականն ու բարձրաստիճան սպան, ինքզինք կը գտնէր ահաւոր կացութեան դէմ յանդիման: Հայ գեղջուկը, որ տոկացած էր թուրքի սպանդին եւ կրցած էր վերաշինել իր օճախը, այս անգամ ստիպուած կը տանէր պոլշեւիկի լուծը, որ եկած էր ոչ միայն թալանելու հայուն արդար հացն ու քրտինքը, այլ ահ ու սարսափի մատնելու ժողովուրդ մը ամբողջ:
Պոլշեւիկ «եղբայր» յորջորջուածը, որ ծարաւ էր հայու արեան հեղումին, կարծես, կ՛ուզէր շարունակել թուրքին եաթաղանը: Դրօ-Լըգրան համաձայնագիրը` Հայաստանը զերծ պահելու քաղաքացիական կռիւներէ, հալածանքէ ու թալանէ, ոչ մէկ նպատակի կը ծառայէր, որովհետեւ գիւղեր ու քաղաքներ ուղղակի թիրախ էին եւ ենթակայ ամենավատ վերաբերումի:
Անսպասելի վայրագութիւն մը ընթացք կ՛առնէր: Զինուորականներ, հայ մտքի ու զէնքի սպասաւորներ, քաղաքական գործիչներ կը ձերբակալուին ու կը նետուին նկուղներու մէջ` կացինահարումի թէ գնադակահարման սպառնալիքի տակ: Պահ մը պէտք է երեւակայել, որ հայ բազմահազար որբերու պարէնն անգամ կը թալանուի, այսպէս ըսած, յանուն «պոլշեւիկութեան, եղբայրութեան»:
Պոլշեւիկ Կասեան-Նուրիջանեան-Աթաբեկեան եռեակը կը հանդիսանային օրուան դահիճները: Անոնք սպանդի թէ թալանի առընթեր, լծուած էին քարոզչական լկտի աշխատանքի` ատելութիւն եւ անհանդուրժողութիւն սերմանելով շուրջբոլոր:
Երեւանի բանտերը կ՛աղաղակէին, մտաւորականութիւն մը ամբողջ, մեծաւ մասամբ Դաշնակցութեան դրօշին տակ ծառայած, կը սպասէին իրենց մահուան վճիռին: Հայրենիքի ազատութեան իրենց կեանքը նուիրաբերած Համազասպներ կը կացինահարուին, արիւն կը հոսի ամէն կողմ, իսկ պոլշեւիկեան խունթան կ՛երազէ իր լրումին հասցնել թուրքին սպանդը:
Ազատատենչ ու մարտունակ հայ գեղջուկի համբերութիւնը, բնականաբար, սկսած էր հատնիլ, եւ ժողովրդական ըմբոստութիւնը տարրերային ուժով մը լոյսին կու գայ: Հայաստանի անկախութեան պայքարին մասնակցած հերոս սպայ Կուռէ Թարխեանեան կը ստանձնէր ըմբոստութեան ղեկավարութիւնը:
Անխուսափելի էր զէնք բարձրացնելու եւ կռուելու հրամայականը:
«Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ն սկիզբը ընդյատակեայ, ապա բացայայտ կը հռչակէ իր իշխանութիւնը եւ կը բարձրացնէ Եռագոյնը: Հեռագիրներ կը յղուին տարբեր երկիրներու` յայտնելով ապստամբութեան բնոյթն ու նպատակը:
Հայաստանի իշխանութեան գլուխ անցած պոլշեւիկներ փախուստ կու տան եւ կ՛ապաստանին Երեւանէն հեռու քաղաքներու մէջ: Հայութիւնը շունչ կ՛առնէ, մարդու արժանապատուութիւն կը վերահաստատուի, հայոց մայրաքաղաքը կը հայանայ, հայ գեղջուկի հրճուանքն ու խանդավառութիւնը կը սթափեցնէ օտարն անգամ:
Ճիշդ է, որ հայոց ուրախութիւնը պիտի տեւէր 42 օր, այդուամենայնիւ, հայու ըմբոստ ոգին եւ իր ճակատագրին տէր կանգնելու գիտակցութիւնը կլանած էր բոլորը: Հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր, հակառակ քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական կացութեան: Հայու ազատամտութիւնը ինքզինք պարտադրած էր, իսկ հայ ֆետային իր կամքն ու ուժը բանեցուցած` քեմալապոլշեւիկեան խունթային թէ Յեղկոմին վրայ:
Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի, Քաջազնունի ու շատ շատերու վիթխարի կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը` ստանձնելու ժողովրդական ըմբոստացումի ղեկավարութիւնը, ցուցանիշ էր ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատամքին ու գործելակերպի իւրայատկութեան:
Իսկ այն յերիւրանքներուն մասին, թէ Սիմոն Վրացեան եւ ուրիշներ դիմած են թուրքին, որպէսզի զէնք ու զինամթերք ապահովեն` կռուելու պոլշեւիկներու դէմ, Կարօ Սասունի կ՛ընդգծէ. «Մենք գիտակցում էինք թրքական վտանգը եւ հնարաւոր խոհեմութիւնը գործադրում` գոնէ ժամանակաւորապէս Թուրքիան հանդարտ պահելու: Կոմիտէն (Հայրենիքի փրկութեան) իր մտքով անց չի կացրել Հայաստան կանչել թուրքական զօրքեր, բացի նրանից ռազմամթերք խնդրելուց: Եթէ ստանար, շատ լաւ կը լինէր»: Այո՛, այսքան վճիտ ու մարտավարական հիմք ունեցող խօսքէ մը ետք, բացայայտ կը դառնան յերիւրանքներու տուն տուող պատճառները:
Ամէն պարագայի, երբեմնի հակապոլշեւիկութիւնը պէտք չէ շփոթել այսօրուան «ռուսասիրութեան», «թրքասիրութեան» թէ այլ սիրաբանական վարքագծերու հետ: Հարկ է պատմութիւնը դատել իր ժամանակին մէջ, հարցերը վերլուծել օրուան կեանքի ու կացութեան հետ բաղդատաբար, քննարկումի հիմքը`արդարամտութիւնը պէտք է նկատել, բացայայտելու համար պատմութեան էջերուն բոլոր ծալքերը:
ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութիւնը ճակատաբաց ընդունած է այս բոլորը: