Բուն Բարեկենդանը Սուրբ Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ սկսող Մեծ Պահքին սկիզբն է: Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն:
Բուն Բարեկենդանին նախորդող շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ վարագոյրը կը փակուի: Մեծ Պահքի ընթացքին վարագոյրը կը բացուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապին, Ծաղկազարդին եւ Աւագ հինգշաբթի` Ոտնլուայի արարողութեան, նաեւ` Տեառընդառաջի եւ Աւետման տօներուն, եթէ անոնք հանդիպին Մեծ Պահքի շրջանին:
Բուն Բարեկենդանը Մեծ Պահքի եօթն կիրակիներէն առաջինն է: Անիկա մարդու երջանկութեան յիշատակն է, որ դրախտի մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան, մինչեւ դրախտէն վտարումը: Անիկա նաեւ դրախտային կեանքի օրինակն է, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացի բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պտուղէն: Ամէն ծառէ ուտելը կը խորհրդանշէ բարեկենդանը, իսկ մէկ ծառէն չուտելը, որ դրախտի մէջտեղն է, կը խորհրդանշէ պահքը:
Հոգեւորին շաղկապելով մարմնականը, Բարեկենդանի հոգեւոր ուրախութիւնը կը միախառնուի ճոխ սեղաններով, բազմազան կերակուրներով, խաղերով, մրցումներով եւ պարերով:
Բուն Բարեկենդանի շարականները կը պատմեն նախածնողներու դրախտային փափուկ կեանքը: Քրիստոս կը յիշատակուի իբրեւ երկրորդ Ադամ, որ Իր միջոցով մարդկութիւնը արժանի դարձուց դրախտի փափկութեան:
Բուն Բարեկենդանի կիրակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի Մեծ Պահքը:
Պահքի շրջանին կ՛օգտագործուի բացառաբար բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք:
Պահքը հոգեկան ու բարոյական ախտերէ ու մոլութիւններէ, մեղանչական մեղքերէ, խօսքերէ ու գործերէ մաքրուիլն է:
Պահք կրնան չպահել երեխաներ, յղի կիներ եւ հիւանդներ:
Մեծ Պահքի ընթացքին Սուրբ Աւետարանը սեւ քօղով կը պարուրուի, չի համբուրուիր եւ Հաւատամքի ու Կեցոյի ժամանակ չի բարձրացուիր, Սուրբ Հաղորդութիւն չի տրուիր եւ մկրտութիւն ու պսակադրութիւն չի կատարուիր:
* * *
Մեծ Պահոց ընցացքին, մինչեւ Աւագ շաբաթ, եկեղեցիներէն ներս տեղի կ՛ունենան, առաւօտուն` Արեւագալի եւ երեկոյեան` Հսկումի արարողութիւններ:
Արեւագալի ժամերգութիւնը կը մատուցուի ի դէմս Հոգւոյն Սրբոյ. «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան, զի յառաջ քան զարեւ է անուն նորա»:
«Լո՜յս արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս,
Բնակեալդ ի լոյս անմատոյց, Հայր երկնաւոր,
Ի դասուց լուսեղինացն օրհնեալ,
Ի ծագել լուսոյ առաւօտուս,
Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»:
Հսկումի արարողութիւնը միացումն է Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններուն:
«Խաղաղական ժամերգութիւնը կը մատուցուի ի դէմս Հոգւոյն Սրբոյ. «Տէր Աստուած փրկութեան իմոյ, ի տուէ կարդացի եւ ի գիշերի առաջի քո»:
«Նայեաց սիրով» երգով Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հաւատացեալներու անունով Աստուծմէ կը խնդրէ որ սիրով նայի իր ձեռքերով ստեղծուած արարածներուն վրայ, պահպանէ զանոնք փորձութիւններէ, հանգիստ քուն շնորհէ անոնց, ծագեցնէ իմանալի լոյսին ճառագայթները եւ բնակի անոնց մէջ:
Հանգստեան ժամերգութիւնը կը մատուցուի ի դէմս Հօր Աստուծոյ. «Առաքեա՛ Տէր Զլոյս քո եւ զճշմարտութիւն քո, զի առաջնորդեսցեն ինձ եւ հանցեն զիս ի լեառն սուրբ եւ ի յարկս քո»:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն կ՛եղանակուի «Ընկա՜լ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս»: Ապա կը կարդացուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» քսանչորս տուներէ բաղկացած աղօթքը:
* * *
Մեծ Պահքի քառասուն օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը:
Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի ճանապարհը կ՛անցնէ եօթը կիրակիներու հանգրուանով, որոնք հիմնուած են աստուածաշնչական պատմութիւններու վրայ եւ իրենց իւրայատուկ խորհուրդը ունին:
Մեծ Պահքի կիրակիներն են` Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:
Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ Աւագ շաբթուան պահքը` Ծաղկազարդէն մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւն: