Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, դիմելով ուքրանացի մարզիկներուն, անոնց կոչ ուղղեց պոյքոթի չենթարկելու Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերը, որովհետեւ ռուս եւ պիելոռուս մարզիկներուն արտօնուեցաւ մասնակցիլ անոր:
«Մեր դերը մարդիկը իրարու հետ համախմբելն է եւ ոչ թէ իրարմէ բաժնելը:
«Մենք ամէն գնով կը փորձենք լուծումներ գտնել, ինչ որ արդարացի է մարզաշխարհի առաքելութեան առումով մեր կատարած դերին մէջ», ըսաւ Պախ:
Նշենք, որ 26 յուլիսէն 1 օգոստոս 2024-ին տեղի ունենալիք Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն թոյլատրուեցաւ անոր մասնակցիլ չէզոք դրօշի տակ: