Պուլկարիոյ Սոֆիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի բաց մրցաշարքին, որ վարկանշային է, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի ղեկավարութեամբ:
66 քկ դասակարգի մրցումներուն հանդէս եկող Արտեոմ Ղալաչեան, յաղթելէ ետք իր հինգ մրցումներուն, տիրացաւ պրոնզ մետալին: