Իտալական Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող փորձառու յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու յայտարարեց, որ իր ելոյթները պիտի շարունակէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
36 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ ինքզինք ֆիզիքապէս բաւական լաւ կը զգայ եւ պատրաստակամ է կրելու իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն գծով:
Նշենք, որ Ֆրանսայի հետ 119 միջազգային մրցումներու ընթացքին 53 կոլ նշանակած Ժիրու Ֆրանսայի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգն է: