Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Եիպինկ Վու հանդիսացաւ առաջին չինացին, որ կը տիրանայ թենիսի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի միջազգային մրցաշարքի մը տիտղոսին:
Տալասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-250»-ի մրցաշարքի աւարտականին, 23 տարեկան չինացին, 6-7, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթելով ամերիկացի իր մրցակիցին` Ճոն Այզնըրին, դարձաւ տիտղոսակիր:
Իր ձեռք ձգած այս յաջողութեան շնորհիւ, ան թենիսի միջազգային նոր դասաւորման մէջ 39 դիրքի ոստում մը արձանագրելով յայտնուեցաւ 58-րդ դիրքին վրայ: