
Ֆրանսայի գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հայ համայնքի հանդիպումէն ետք, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Լիոնէն Միքայէլ Ղազարեան, Մարսէյէն Փասքալ Շամասեան, իսկ Փարիզէն` Մուրատ Փափազեան, Ալեքսիս Կէօվճեան եւ Արա Թորանեան, երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի նախագահութեան ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Ֆրանսուա Հոլլանտ վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու իր դիրքորոշումը: Ան նաեւ նշած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Ֆրանսայի համար Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ չափանիշերէն մէկը պիտի ըլլայ: Ֆրանսուա Հոլլանտ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` Փարիզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանի բացման գործին մէջ պետութեան ներգրաւուածութիւնը ապահովելու: Ան նաեւ ուշադրութեան արժանացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական գործողութիւններու վերսկսումին:


