Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 14, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստանի Նախագահը Եւ ՀՕՄ–ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Զօրակցական Այցելութիւն Տուին Սուրիոյ Դեսպանատուն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 10 փետրուարին այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ գրառում կատարեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած` հազարաւոր զոհերու, վիրաւորներիու եւ հսկայական աւերածութիւններու պատճառ դարձած երկրաշարժին առիթով բացուած սգոյ մատեանին մէջ:

«Իմ անկեղծ վշտակցութեան եւ զօրակցութեան խօսքերը կը յղեմ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին, զոհուածներու ընտանիքներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ տուժածներուն` շուտափոյթ ապաքինում», գրեց Խաչատուրեան:

Ան կարճատեւ զրոյց ունեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ:

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան եւ փոխատենապետուհի Վեհանուշ Մարգարեան իրենց կարգին հանդիպում ունեցան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանին հետ: Մինչ հանդիպումը ընկերուհիները Հայ օգնութեան միութեան անունով գրառում կատարեցին դեսպանատանը բացուած սգոյ մատեանին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին ընկերուհիները Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անունով ցաւակութիւններ յայտնեցին 2023 թուականի փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ահաւոր եւ աղէտալի երկրաշարժին զոհ գացած Սուրիոյ քաղաքացիներուն համար եւ արտակարգ ու լիազօր դեսպանին փոխանցեցին Հայ օգնութեան միութեան պատրաստակամութիւնը երկրաշարժին պատճառով տուժած մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ մեր բարեկամ երկրին իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերելու հարցին մէջ:

Յարգարժան դեսպանը տեղեկութիւններ տուաւ Սուրիոյ մէջ այս պահուն տիրող իրավիճակին, կարիքներուն եւ անհրաժեշտութիւններուն մասին: Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ արդէն գործնական քայլեր ձեռնարկած են երկրաշարժէն տուժածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար եւ խոստացան, որ ամէն ինչ պիտի կատարուի դեսպանատան հետ համագործակցաբար:

Աւելի Քան 100 Պատանի Մասնակցած Է ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ Կազմակերպուած Միօրեայ Ճամբարին

ՀՅԴ Վանքի «Նորայր Դանիէլեան» պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ Վանք գիւղին մէջ Մարտակերտի շրջանի Վանք, Շահմասուր, Ծմակահող եւ Գառնաքար համայնքներու աւելի քան 100 պատանիներու համար կազմակերպուած էր միօրեայ ճամբար:

Ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, Արցախի Հայ օգնութեան միութեան եւ ՀՄԸՄ Արցախ-ի ջանքերով, կը նպատակադրէր Արցախի շրջափակման պայմաններու մէջ պատանիներուն կտրել առօրեայ հոգերէն եւ անոնց ուրախ ու անմոռանալի օր պարգեւել: Պատանիները պատրաստած էին բեմական ներկայացումներ, երգեր, պարեր, խաղեր եւ դասախօսութիւն:

Ծրագրի բացման ներկայ գտնուած են` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեանը, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սամուէլ Աղաջանեանը, ՀՅԴ Մարտակերտի «Գանձասար» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեանը, Վանքի դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեանը, կուսակցական ընկերներ եւ ուսուցիչներ:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ցաւակցական Նամակ Յղեց Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Հայաստան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան ցաւակցական նամակ յղեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեանին: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Խոր ցաւով տեղեկացանք կործանարար երկրաշարժի մասին, որ խլեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հարիւրաւոր քաղաքացիներու կեանքեր եւ հսկայական աւերածութիւններու պատճառ դարձաւ: Անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ ի դէմս ձեզ` զոհերու ընտանիքներուն ու Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին` ձեր հայրենակիցներուն եւ հարազատներուն զոհուելու կապակցութեամբ: Այս վիշտի պահուն մեր մտքերն ու աղօթքները Սուրիոյ ժողովուրդին հետ են: Բոլորիդ կը մաղթենք քաջութիւն, ոգիի ամրութիւն եւ համբերութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է նամակին մէջ:

Արցախ Դրամահաւաք Կը Կազմակերպէ Սուրիահայերու Օժանդակութեան Համար

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ աշխատակազմը օգնութիւն ցուցաբերեցին 6 փետրուարի երկրաշարժին պատճառով տուժած սուրիահայ ընտանիքներուն:

Արցախի Ազգային ժողովին հրապարակած հաղորդագրութենէն տեղեկացանք, որ աջակցութեան չափը կազմեց 1 միլիոն 13 հազար դրամ:

Ասոր կողքին, Արցախի կառավարութիւնը սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով դրամահաւաք կազմակերպեց: Այս մասին, Արցախի տեղեկատուական շտապը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու եւ աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղի հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժի պատճառով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին:

«Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն` Արցախի կառավարութիւնը, համագործակցելով Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ, որոշում կայացուցած է միանալ համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն` կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն` կոչ կ`ուղղենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:

«Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ եւ իրարու սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով կարելի է յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս ալ` արհեստածին մարտահրաւէրները»:

Տեղեկացուած է նաեւ, որ նուիրատուութիւնները Հայաստանի դրամով կարելի է կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հետեւեալ հաշիւի թիւով` 22300100156701:

Ստեփանակերտի Մէջ Մայերու Եւ Երեխաներու Խաղաղ Հաւաք՜ Իրենց Իրաւունքները Պահանջող

Փետրուար 12-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպուեցաւ խաղաղ ցոյց` Արցախի երիտասարդ մայրերու մասնակցութեամբ եւ Դիմատետրի տիրոյթին մէջ շրջափակման առաջ բերած հարցերուն քննարկման եւ միացեալ յաղթահարման համար ստեղծուած ընկերային  խումբի նախաձեռնութեամբ:

«Այսօր Արցախը կ՛ապրի իր պատմութեան դժուարին շրջափակումներէն մէկը: Իսկ արցախցին, զրկուած ըլլալով կեանքի համար անհրաժեշտ տարրական պայմաններէն, կը շարունակէ ամուր կառչած մնալ հայրենի հողին: Այդ բոլորէն մեկնած` որոշեցինք նախաձեռնել այսօրուան գործողութեան` անգամ մը եւս բարձրաձայնելու մեր երեխաներուն ոտնահարուած իրաւունքներուն մասին: Իբրեւ խորհրդանիշ` ընտրած ենք մանուկի ձեռքը, որ ուրոյն խորհուրդ ունի», յայտնեց նախաձեռնութեան հեղինակ Անի Հայրապետեան:

Հաւաքի մասնակից, Ասկերանի շրջանի Բերքաձոր համայնքի դպրոցի ուսուցչուհի Քրիստինէ Դանիէլեան իր խօսքին մէջ անմնացորդ նուիրում համարեց հայրենիքի մէջ ապրելու համար փորձութիւնները հաստատակամօրէն յաղթահարելը:

Աւելի քան երկու ամիս է, որ փակ է Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ կեանքի ճանապարհը: Իսկ արցախցի փոքրիկները զրկուած են անգամ լիարժէք կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն: Մեր բալիկները իրենց տուներուն մէջ խաղաղ ապրիլ, ուսանիլ եւ ստեղծագործել կ՛ուզեն», նշեց Ք. Դանիէլեան:

Հաղորդենք, որ հաւաքի աւարտին մայրերու հետ Վերածնունդի հրապարակ եկած փոքրիկները գունաւոր կաւիճներով խորհրդանշական պատկերներ նկարեցին:

Էտուարտ Էռնեկեանին Շնորհուեցաւ Ֆլորանսի Բանալիները

Էդուարդ Էռնեկեանի շնորհուեցաւ Ֆլորանս քաղաքի բանալիները` ի պատիւ իր ձեռնարկատիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան, յայտնեցին «Զուարթնոց» օդակայանէն:

Ֆլորանսի քաղաքային խորհուրդը «Քորփորասիոն Ամերիկա օդակայաններ» ընկերութեան հիմնադիր, Հայաստանի ազգային հերոս Էտուարտօ Էռնեկեանին շնորհեց քաղաքի բանալիները` «Համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ քաղաքացիական խիզախութեան արժէքներ յառաջ մղելու գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար»:

«էռնեկեան Իտալիոյ, Արժանթինի եւ մասնաւորապէս Ֆլորանսի յարաբերութիւններու կենդանի վկայութիւնն է: Ան մեծ ներդրումներ կատարած է մեր քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ ամբողջ Իտալիոյ` օդակայաններու միջոցով, եւ ան այն արժանթինցի գործարարներէն է, որ առաւել աշխուժ է Եւրոպայի մէջ», նշեց Ֆլորանսի քաղաքապետ Տարիօ Նարտելան:

Էտուարտ Էռնեկեան շնորհակալութիւն յայտնելով` ըսաւ. «Քաղաքի բանալիները ստանալը ինծի համար մեծ իրադարձութիւն է, որովհետեւ գործարար մարդիկ կը բանան դռները, կը համարկեն շուկաները, մարդիկը կը կապեն քաղաքներուն, ազգերուն արտադրութեան միջոցով կը գնահատեն միայն այն ուժերը, որոնք են` հնարամտութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, լաւատեսութիւնն ու խիզախութիւնը, որով այս մշակոյթը համակած է մեզ եւ ամբողջ աշխարհին»:

Քաղաքապետ Նարտելան ընդգծեց, որ Էռնեկեանին քաղաքի բանալիները շնորհելու առաջին պատճառը անոր` Ցեղասպանութեան յիշատակի պահպանման յանձնառութիւնը եղած է. «Անոր արժանթինեան ու հայկական ծագումը եւ այն փաստը, որ ան ստեղծած է Ռաուլ Վալենպերկ հիմնադրամը, շատ կարեւոր խորհրդանիշ է մեզի համար»:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը, որ նշեց, թէ Էտուարտ Էռնեկեանի ձեռքբերումներու ներկապնակը ընդարձակ է. «Որեւէ ներդրումի եւ կամ ծրագրի մէջ, որուն մէջ ներառուած եղած է Էռնեկեանը, հետապնդած է Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ կամուրջներ կառուցելու եւ ամրապնդելու հիմնական նպատակը»:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Համակարգող Խորհուրդի Նիստ Երեւանի Մէջ. Տարածաշրջանային Ժողովներով Կը Վերսկսին Մամուլի Խմբագիրներու Համախմբումները

Յաջորդը

Պատարագ` Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In