«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը Միացեալ Նահանգներու անփոփոխ առաջնահերթութիւններու շարքին է», Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել:
«Ատիկա կը վերաբերի ո՛չ միայն ամերիկեան վարչակազմին ընդհանրապէս, այլ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընին մասնաւորաբար, ինչի վկայութիւնն են անոր ուղղակի հաղորդակցութիւնները եւ առնչութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ», նշած է Փաթել:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի մէկ օր առաջ կատարած պնդումներուն, թէ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն խափանել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու կատարումը, արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալը նշած է. «Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուած յարձակումը եւ այդ երկրին որդեգրած միակողմանիութիւնն էին, որ խաթարեցին Մինսքի խմբակի ձեւաչափին մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը հեռանկարային ուղղութիւններով ձեռնարկուող ջանքերու արդիւնաւէտութիւնը»:


