Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անտեսանելի» Հանրապետութիւնը

February 13, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Արցախի զօրակցութեան համար ՀԲԸ Միութեան  կողմէ կազմակերպուած ծրագիրի մը ծիրին մէջ Պէյրութի մէջ եւս ցուցադրուեցաւ  ամերիկահայ Կարին Յովաննիսեանի արտադրած եւ բեմադրած «Չտեսնուած հանրապետութիւն»-ը (Invisible Republic, 89 վ, 2022) (1): Վաւերագրական-խաղարկային ժապաւէնը ուղղուած է գլխաւորաբար ամերիկացի հանդիսատեսին, որպէսզի հանրային կարծիք կազմուի ի նպաստ շրջափակումի վերացման: Արտադրիչի խօսքով. «Պատերազմի ամենամութ էջերը դեռ կարող են առջեւում լինել: Մենք որոշեցինք ժամանակից շուտ ողջ աշխարհի հետ կիսել Լիկայի պատմութիւնը` յուսալով, որ այն կը հասնի մարդկանց սրտերին ու կ՛ոգեշնչի այս ճգնաժամային իրավիճակում կանգնել Արցախի կողքին»: Ժապաւէնի մէջ այս ուղղութեամբ զգացական կոչեր կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթ արուեստագէտներ, ինչպէս` Շեր (Շերիլին Սարգիսեան) եւ Սերժ Թանկեան:

Աղէտը կը ներկայացուի լրագրող Լիկա Զաքարեանի եւ անոր ընտանիքի փորձութեան ընդմէջէն: Բեմագրութիւնը հիմնուած է պատմող հերոսուհիի մանրամասն օրագիրին վրայ: Ստեփանակերտի մէջ Զաքարեան ընտանիքին տունը այժմ աւերուած է: Լ. Զաքարեան համեմատաբար բախտաւոր է, որովհետեւ անոր գերեվարուած եղբայրը վերադարձած է: Ռազմաճակատէն վերադարձած է նաեւ անոր զարմիկը: Կիսաւեր հիւանդանոցի վերածուած մանկատան մէջ Զաքարեանի բուժքոյր մայրը մնացած է անվնաս… ֆիզիքապէս:

Այլաբանական.- Վերնագիրի հայերէնի թարգմանութիւնը յարիր չէ: Այդ աւելի քան յստակ է աւարտական տեսարանին մէջ, ուր իր աւերուած հօրենական տունէն հեռացած հերոսուհին կ՛ըսէ, որ ինք դարձած է «անտեսանելի»:

«Անտեսանելի»-ն  այլաբանութիւն մըն է, որ բազմիցս կը տեսնուի առասպելներու եւ գրականութեան մէջ: Արդի երկու ծանօթ օրինակներն են գիտաերեւակայական վէպերու ականաւոր հեղինակ Հ. Ճ. Ուելզի «Անտեսանելի մարդը» (The Invisible Man 1897), ուր ոճրաբարոյ գիտնական մը անտեսանելի կը դառնայ խուսափելու համար արդարադատութենէ: Աւելի յարիր օրինակն է ամերիկացի Ռալֆ Էլիսոնի «Անտեսանելի մարդ»-ը (Invisible Man 1952), ուր սեւամորթներու տառապանքը դարեր շարունակ «անտեսանելի» եղած է սպիտակամորթներու համար, այնպէս, ինչպէս աղէտահար Արցախի բնակչութեան տառապանքը այժմ մատնուած է անտեսանելիութեան:

Բացման տեսարանին մէջ մշուշէն դուրս կու գայ Տիգրանակերտի հնավայրին ստորոտին գտնուող «Շահպուլաղ» ամրոցը, որ կառուցած է Ջաւանշիր փանահ Ալի խանը (1693 -1763): Այդ չարագուշակ է, որովհետեւ ղաճար իշխանաւորը ճարտարապետն էր հայերու զանգուածային արտագաղթին (2):

Սեպտեմբեր 27: Խաղավայրին մէջ կը տեսնենք երջանիկ մանուկներ… եւ յանկարծ` սեւ մուխի հսկայ սիւն մը: Բնակչութիւնը կ՛ապաստանի նկուղներու մէջ (3): Չափահաս լիբանանցիք քաջ ծանօթ են մոմի լոյսով ռմբակոծութիւն ունկնդրելու: Այդ հեռու էր, այս` աւելի մօտիկ… Ոչ ոք տրամադիր է փախչելու: «Այս մեր տունն է»: Կը տեսնենք ծանօթ լուսանկարը, ուր հայ թնդանօթաձիգը բոցերու մէջ կանգնած` կը դիմադրէ: Պետական «այրեր» անվրդով են: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը վստահեցնէ, որ ունինք աշխարհի ամէնէն արհեստավարժ բանակը: «Յաղթելու ենք»: Աւերածութիւնը կը սաստկանայ, դագաղներու շարանը կ՛երկարի: Այլ տեսարան մը, որուն լիբանանցիք քաջ ծաօթ են. ամայի փողոցներու մէջ վազող մարդիկ: Զաքարեան քայլ առ քայլ կը հետեւի օր ըստ օրէ ծանրացող իրավիճակին: Պաստառը կը սկսի մերթ ընդ մերթ բոլորովին  մթագնիլ խորհրդանշական կերպով: Կը սկսի խօսուիլ սուրիացի վարձկաններու մասին: Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ կամաւորական գունդեր կազմելու: Իշխանութեան հանդէպ վստահութիւնը փարատած է: Յաղթելո՞ւ ենք: Կը տեսնենք հասարակ հրացաններով զինուած տարեց մարդիկ:

Կիներ ուտեստեղէն կը պատրաստեն զինուորներու համար: Օտար դիւանագէտներու ելոյթները կը ներկայացուին որպէս «պլա, պլա, պլա», մինչ կը տեսնենք ազերական խժդուժութիւն եւ նուաստացում գործադրուած գերիներու եւ բնակչութեան վրայ (4): Ցանուցիր դիակներ: Մարդիկ չեն կրնար հաշտուիլ իրենց տուները լքելու հեռանկարին հետ, բայց կը հասնի դառն բաժակը: Ամենացնցող պահը այն է, երբ խօսնակը կ՛ըսէ. «Տեսայ վախը զինուորին աչքերուն մէջ»: Կը տեսնենք նահանջող անզէն զինուորներու անկազմակերպ խումբեր: Կը տեսնենք Ստեփանակերտ վերադարձած հայր ու որդի զինուորներ: «Ի՞նչ զէնքով պիտի կռուէինք», կ՛ըսէ հայրը: Ազերի օդային կրակի ուժը պարզապէս անհամեմատելի է գնդացիր հրացաններու հետ: Հայ բանակայինն ու կամաւորը պարզապէս «թնդանօթի միս» էին:

Ռուս բանակայիններ կը հսկեն ինքնաշարժներու անվերջ շարաններու շարժումին: Հեռանալէ առաջ ոմանք կ՛այրեն իրենց տուները: Վերադարձը բացառուա՞ծ է:

Աւարտական տեսարանին մէջ Լ. Զաքարեան կը թելադրէ դիմագրաւել իրականութիւնը, թէ` ինք այլեւս չունի տուն, այսինքն պատկանելիութիւն, թէ`  դարձած է «անտեսանելի»: Այսուհանդերձ, իր կիթառի ընկերակցութեամբ կ՛երգէ Արթուր Գրիգորեանի «Արցախ»-ը, որ կը թելադրէ չկորսնցնել յոյսը (5):

«_Լուռ է եւ ամուր յոյսը քո,
Լուռ է եւ խաղաղ, չի թուլանում այն,
Գիտես դու միշտ` օրը այն կը գայ,
Կը ձուլուես նորից մայր հողին»:

Գեղարուեստական.- Ցնցող տեսարաններու տարափին տակ  դժուար էր բաւարար ուշադրութիւն յատկացնել պատկերահանումին: Կրակի եւ ծանր պայմաններու տակ նկարող զոյգը եւս առիթ չէր կրնար ունենալ  բաւարար ուշադրութիւն յատկացնելու: Ձեռքի վրայ կրուած տագնապահար քամերան իրադարձութեան մասնակից է, ոչ կողմնակի սառնարիւն դիտորդ: Թերեւս այս հանգամանքը շեշտելու համար ներառուած է խաղաղ տեսարան մը, ուր նկարողը լրագրող աղջկան բացայայտ ցուցմունքներ կու տայ:

Գեղարուեստական առումով տպաւորիչ էր Զաքոյեաններու լքուած բնակարանին մէջ գտնուող ապակեայ կոնքը, որուն յատակին սովահար եւ շնչահեղձ ոսկէ ձկնիկներ մահամերձ կը հեւային: Պատկերը այլաբանական է: Արցախ եւս գեղատեսիլ փոքր աշխարհ մըն է, որ այժմ կը հեւայ: Աւելի՛ն. կոնքի մակերեսը եւ պատկերի խորքը կը ցոլացնեն արտաքին աշխարհը, Արցախը` աւելի եւս շեշտելով այլաբանութիւնը:

Հուսկ բանք.- Քարոզչական բնոյթի ժապաւէնը պատրաստուած է կարճ ժամկէտով, ամերիկացի հանդիսատեսին համար: Անմիջական նպատակն է շրջափակումի վերացումը: Շեշտը դրուած է բնակչութեան շարունակուող տառապանքին վրայ: Ներխուժումը կը ներկայացուի որպէս անակնկալ աղէտ (6): Պատմական-քաղաքական խորապատկերը բացակայ է: Մէկ-երկու տեսարանով զուգահեռ կը թելադրուի 1915-ի հետ: Բայց Եղեռնը իր կարգին մեկուսի դրուագ մը չէր: ժապաւէնի մնայուն արժէքը թերեւս այն է, որ ի տարբերութիւն հրապարակուած օտար  լրագրային (journalist) տեսաերիզներուն, որոնք ընդհանրապէս կը բաւականանան պատերազմական գործողութիւններով, ցոյց կու տայ բնակչութեան առօրեան եւ հոգեվիճակը: Ի հեճուկս ամէն պահու առկայ վտանգին` կատարուած այդ դժուար աշխատանքը արտադրած է կարեւոր արխիւային նիւթ:

4 փետրուար 2023

—————–

  1. Բեմադրիչը հանրածանօթ Ռիչըրտ Յովաննիսեանի թոռն է:
  2. Պատմութեան անտեղեակ անձեր ամրոցը կը համարեն հայկական յուշարձան: Նախընտրելի էր, որ ցոյց տրուէր մե՛ր հնադարեայ Տիգրանակերտը կամ Մելիք Եկանի ապարանքը: Թրքական ցեղերու իշխանութեան խորհրդանիշ դղեակը առիթ կու տայ հակաքարոզչութեան: Հարկ է, որ բեմադրիչը անդրադառնար այս կէտին:
  3. Պատմողը նկուղներուն կ՛ակնարկէ որպէս «bunker»: Այդ վատ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ Արեւմուտքի մէջ առնչուած է նացի ամրութիւններու: Հարկ էր կոչել shelter (ապաստան):
  4. Կողքիս նստած վայելուչ հագուկապով օտար տարեց զոյգ մը այդ պահուն հապճեպ, մեկնաբանելի կերպով լքեցին սրահը: Ոչ ոք հետեւեցաւ անոնց օրինակին:
  5. Երգի ներառումը կարելի է նաեւ մեծարանք համարել երգահանին, որ քաղցկեղով մահացած էր 4 փետրուար 2022-ին, այսինքն ժապաւէնի պատրաստութեան շրջանին:
  6. Այդ ցաւօք կրնայ որպէս չքմեղանք ծառայել իշխանութեան, որ առ նուազն ապիկար է: Պատերազմը տարերային աղէտ մը չէր: Կանխատեսելի էր աւելի քան տաս տարի առաջ: Կանխատեսելի էր ի սկզբանէ:

 

Նախորդը

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի ԿԿ-ի Հաղորդագրութիւնը Հայ Դատի Անխոնջ Պաշտպան Ժիւլ Մարտիրոսեանի Մահուան Կապակցութեամբ

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի Ի Տաճարն

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.