Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով` ՕԹԱՆ-ի մէջ Ազրպէյճանի առաքելութեան ղեկավար Ճաֆար Հուսէյնզատէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ջէոանայի հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը եւ անոր տեղեկացուցած Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի մասին:


