Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Քոլոնա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այլ հարցերու կողքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած կացութիւնը, գնահատած տագնապի լուծման ուղղութեամբ շարունակուող ջանքերը եւ ընդգծած Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի անյապաղ վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ներկայիս շրջափակման լուրջ մարդասիրական հետեւանքները անընդունելի են, եւ Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները կը համատեղեն իրենց ջանքերը` վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հաղորդակցութիւններու միջոցով այս կացութեան վերջ տալու համար», կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:


