Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տարակարծութիւնները Յաղթահարելի Են Շրջանային Ձեւաչափով` Առանց Արտաշրջանային Ուժերու Միջամտութեան» Կ՛ըսէ Պոչառնիքով

February 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան շատ լաւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ: Այս մասին ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով:

«Մեր շահերը այստեղ կը համընկնին: Առանձնակի կարեւորութիւն ունին միացեալ տնտեսական նախագիծերը, առեւտուրի զարգացումը: Ասիկա բոլորը մերձեցնող գործօն է», նկատած է դեսպանը` նշելով, որ շրջանին մէջ կան որոշակի տարակարծութիւններ, սակայն տնտեսական շահերու ընդհանրութեան գիտակցումը պէտք է գերակշռէ:

«Տարակարծութիւնները յաղթահարելի են շրջանային ձեւաչափով` առանց արտաշրջանային ուժերու միջամտութեան:

«Յամենայն դէպս, Ռուսիան կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ինչ կը վերաբերի «3+3» ձեւաչափին, մենք եռանդուն կերպով յառաջ կը մղենք այդ ձեւաչափը` շրջանային խորհրդատուական հարթակը: Առաջին նիստը տեղի ունեցած է: Մենք կողմնակից ենք, որ ձեւաչափը հետագային եւս կ՛աշխատի: Կան նաեւ այլ ձեւաչափեր», ըսած է ան:

Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիան յառաջ կը մղէ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, ինչի մասին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն կայ 2020, 2021 եւ 2022 թուականներու յայտարարութիւններուն մէջ:

Դեսպանը նաեւ հաստատած է, թէ Ֆրանսան հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան ծիրին մէջ կիսազինուորական ոստիկաններ պիտի տեղակայէ: «Հաքքին» կը նշէ, թէ Ֆրանսայի մէջ կիսազինուորական ոստիկանութիւնը մաս կը կազմէ զինեալ ուժերուն եւ ենթակայ է ներքին գործոց նախարարութեան:

Դիւանագիտական աղբիւրներ ազրպէյճանական կայքի լրագրողին յայտնած են, թէ անոնց թիւը 70 է:

Նախորդը

Հայաստանը 30 Թոն Օգնութիւն Ուղարկած Է Երկրաշարժէն Տուժած Սուրիա

Յաջորդը

Երկու Մուսալեռցի Զոհ` Երկրաշարժին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.