Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կազմակերպած է դէպի երկրաշարժէն տուժած Սուրիա աւելի քան 30 թոն օգնութեան տեղափոխութիւնը:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը տեղեկացաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան դիմատետրի էջէն, մարդասիրական բեռը ներառած է սնունդ, դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ: Անիկա Սուրիա ուղարկուած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն:
«Գործընթացին հետեւած են արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան եւ կառոյցի ղեկավար կազմը: Բեռի տեղափոխումը Երեւանէն Հալէպ իրականացուած է «ԻԼ-76» մակնիշի օդանաւով: Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: