Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Կովկաս Թափանցելու Անգլիական Ծրագիր Եւ Պարսկաստանի Կողմէ Պատերազմի Պատրաստութիւն

Փետրուար 8, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին
Եկեղեցւոյ Կառուցումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հաղբատի վանքը քաշուած Եփրեմ Ձորագեղցի հրաժարեալ կաթողիկոս ռուսական կառավարութեան համար իր ձեռքը գործիք մըն էր, պարսկական գործերուն միջամտելու, ի հարկին երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները սրելու եւ պատերազմի առիթ ստեղծելու համար:

Պոլսոյ պատրիարքարանը, սուլթանի կառավարութեան ճնշումին տակ, այն հիմամբ որ կաթողիկոսը ռուսերուն ձեռքը գործիք դարձած է, իր յարաբերութիւնները խզեց Էջմիածնի հետ: Կարապետ Գ. Պալաթցի պատրիարքին կարգադրութեամբ այսուհետեւ եկեղեցիներուն մէջ Եփրեմ Ա.-ի անունը պիտի չյիշատակուէր, այնքան ժամանակ որ ան Հաղբատ կը մնայ:

Յունաստանի անկախութեան պատերազմը սկսած էր 1821-ին եւ միւս կողմէ, պարսկական բանակը ներխուժած էր օսմանեան հողեր, եւ սուլթան Մահմուտի կառավարութիւնը ներքին ու արտաքին լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Փելոփոնէս թերակղզիէն սկսած յոյն-թրքական կատաղի մարտերը հետզհետէ տարածուեցան դէպի Կրետէ, Մակեդոնիա, Կիպրոս եւ կեդրոնական Յունաստան: Օսմանեան կառավարութիւնը դաժան հալածանք սկսաւ յոյներուն դէմ: Յոյներուն օգնութեան հասան օտար կամաւորներ, որոնց շարքին` անգլիացի բանաստեղծ լորտ Պայրըն:

* * *

Շուշի

Շուշիի կեդրոնական գօտիին մէջ գտնուող Ագուլեցոց թաղին բնակիչները բնիկ ագուլեցիներ էին: Ագուլեցոց թաղին մէջ 1822-ին կառուցուեցաւ Սուրբ Աստուածածին գեղակերտ աւագ եկեղեցին: Քառասիւն եկեղեցին ունի երեք դուռ` հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային, երկու գաւիթ` հարաւային եւ հիւսիսային դուռերուն վրայ, երկու փոքր կաթողիկէ` տանիքին արեւելեան եւ արեւմտեան գագաթնագիծին վրայ եւ անոնց մէջտեղը` մեծ կաթողիկէն, աւագ խորան եւ չորս փոքր խորան եւ վերնատուն` կիներուն համար:

Եկեղեցւոյ հարաւային դրան ճակատակալ քարին վրայ արձանագրուած է. «Կամաւն Աստուծոյ Սուրբ Աստուածածնայ աւագ եկեղեցիս կառուցին արդեամբք եւ ծախիւք իւրեանց իշխանք ազնուազգի հարազատ աղայք Զօհրապ Յովհանջան, Մարկոս եւ Բաբա Տէր Մատթէոսեան Թառումեանց ընդ որս եւ որդիք նոցա Յովհաննէս աղայն եւ Աւետիս աղայ ի յիշատակ եւ ի փրկութիւն հոգւոց իւրեանց եւ սոցա ծնողաց, ամուսնոց, որդւոց, դստերաց իւրեանց ամենից եւ առհասարակ ննջեցելոցն ի Տէր ի կայանս երկնից, ի 1822 ամի Տեառն»:

Եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուեցան սրբազան մասունքներ: Արծաթեայ խաչի մը մէջ` Կենաց փայտի, Փիլիպպոս առաքեալի եւ Ղուկաս Աւետարանիչի մասունքներ: Արծաթեան զարդի մը մէջ`  Սուրբ Պանդալիոն Բժիշկի, Յովսէփ Արիմաթացիի, Բարթողիմէոս եւ Անդրէաս առաքեալներու, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներ: Արծաթեայ խաչի մը մէջ` Թադէոս, Բարթողիմէոս եւ Թովմաս առաքեալներու մասունքներ:

Եկեղեցւոյ մէջ պահուեցան նաեւ գրչագիր Աւետարաններ:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին զգալիօրէն նպաստեց Շուշի քաղաքի կեդրոնի ձեւաւորման: Հետագային, մօտակայքը կառուցուեցաւ Ղազանչեցող Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին:

* * *

 

Ծակուռի Հադրութի շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով

Վարանդայի մելիք Շահնազարի եւ անոր Մալայիկ կնոջ որդիներէն Ջհանբախշ, որ հօր մահէն ետք իր խորթ եղբայրներուն կողմէ ժառանգութենէ զրկուած, հալածուած եւ Արցախէն հեռացած էր, մահացաւ 1822-ին:

Աւետարանոց գիւղի տոհմական հանգստարանին մէջ գտնուող գերեզմանին վրայ արձանագրուած է.

«Այս է տապան Մէլիք Ջհանբախչին
իշխող Վարանդայ գաւառին
Ազնիւ որդին Մէլիք Շահնազարին
վախճանեցաւ 1822»:

Ջհանբախշի դուստր Նանագուլ հետագային Խնուշինակ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պահուող եւ 1672-ին Վանի մէջ, Վարդան գրիչի օրինակած եւ Գրիգոր Վանեցիի ծաղկած Աւետարանը Աւետարանոցի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին նուիրեց:

* * *

Անգլիա ամէն գնով կ՛աշխատէր Պարսկաստանը իր կողմը պահել: Անգլիացիք տեւաբար արդիական զէնքերով կը զինէին պարսկական բանակը եւ առատ զինամթերք, հանդերձանք ու դրամ կը տրամադրէին: Անգլիացի սպաներ ստանձնած էին պարսկական բանակը մարզելու պարտականութիւնը:

Պարսկաստան պատերազմի կը պատրաստուէր եւ Ռուսաստանի հետ բախումը անխուսափելի կը նկատուէր:

Միւս կողմէ, Ռուսաստան Սեւ ծովէն, Կովկասի վրայով Պարսկաստանի հետ տարանցիկ առեւտուրի գիծ հաստատած էր: Այդ նոր ուղին կը չէզոքացնէր Տրապիզոնէն, Էրզրումի վրայով Պարսկաստան տանող տարանցիկ ուղին, որ անգլիացիներու հակակշիռին տակ էր: Հետեւաբար անգլիացիք ամէն ջանք սկսան թափել խափանելու տարանցիկ նոր ուղին:

Ռուսական ազդեցութիւնը Կովկասէն որքան կարելի է հեռացնելու եւ առեւտրական իրենց կենսական շահերը պաշտպանելու դիտաւորութեամբ անգլիացիք եզրակացուցին, որ կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ունենալ հայերը:

Անգլիացիք 1823-ին պատուիրակութիւն ուղարկեցին Եփրեմ կաթողիկոսին եւ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի մօտ: Պատուիրակութիւնը հայերուն համար անգլիական հովանաւորութիւն առաջարկեց, ինչ որ կը նշանակէր պարսկական տիրապետութեան ընդունում եւ ռուսական հովանաւորութեան մերժում:

Անգլիացիք հայոց կաթողիկոսին առաջարկեցին Լոնտոն ուղարկել եպիսկոպոս մը, վարդապետ մը եւ երկու քահանայ, հայ աշակերտներու համար Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ դպրոց բանալու նպատակով: Դպրոցին մէջ պիտի աւանդուէին հայերէն լեզու եւ կրօնագիտութիւն: Դպրոցը նիւթական ապահով վիճակի մէջ պահելու համար կաթողիկոսին առաջարկուեցաւ կոնդակ ուղղել Ամերիկայի ժողովուրդին` դրամական նպաստ խնդրելու համար: Այդ կոնդակը Ամերիկա տանիլը եւ դրամ հաւաքելը յանձն կ՛առնէին իրենք` անգլիացիները:

Ներսէս արքեպիսկոպոս իր խորաթափանց միտքով անմիջապէս կշռադատեց անգլիական գեղեցիկ առաջարկին ամբողջ իմաստը, նկատեց այն թակարդը, որ հայոց առջեւ կը դնէր բրիտանական խորամանկ քաղաքականութիւնը: Ան կտրուկ կերպով մերժեց անգլիական առաջարկը:

Ներսէս արքեպիսկոպոս համոզուած էր որ հասած է պարսկական լուծէն ազատագրուելու եւ ռուսական հովանաւորութիւն ընդունելու պահը: Հայերը կարիք չունէին այլ պետութեան մը հովանաւորութիւնը որոնելու:

Լոնտոնի մէջ հայկական դպրոց բանալու առաջարկը կը մերժուէր այն պատճառով, որ անոր քաղաքական գունաւորում կը տրուէր: Հայ ժողովուրդին ազատագրութիւնը շատ աւելի մեծ եւ կենսական արժէք ունի, քան Լոնտոնի մէջ հայկական դպրոց մը բանալը:

Ներսէս արքեպիսկոպոս անգլիացիներուն ըսաւ որ հայերը միջոց կ՛ունենան դպրոց բանալու ինչպէս որ իրենք կ՛ուզեն:

* * *

Պարսկաստանի կառավարութիւնը Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէր եւ կը փորձէր համոզել Պետերբուրգի իշխանաւորները Կովկասի խանութիւններուն գոնէ մէկ մասը խաղաղօրէն իրեն վերադարձնելու համար:

Ալեքսանդր Ա. կայսր տրամադիր էր մասնակի զիջումներով գոհացնել Ֆաթհ Ալի շահը եւ որոշել, թէ ինչ հողամասեր կարելի է վերադարձնել Պարսկաստանի: Կայսրը Կովկասի կառավարչապետ Երմոլովի յանձնարարեց քննել ռուս-պարսկական սահմանագիծը եւ կարծիք յայտնել, թէ ի՞նչ կարելի է ընել:

Երմոլով կտրականապէս դէմ էր Պարսկաստանին հողային զիջում ընելու տեսակէտին: Աբաս Միրզայի հետ տեսակցութենէն ետք ան համոզուած էր որ պարսից գահաժառանգը իր անձնական թշնամին է:

Երմոլով գաղտնաբար բանակցութեան մէջ մտած էր Ֆաթհ Ալի շահի աւագ որդի Մոհամէտ Ալիի հետ, եւ խոստացած աջակցիլ` վերականգնելու համար անոր գահաժառանգական իրաւունքը:

Երմոլովի եւ Մոհամէտ Ալիի բանակցութիւնները գաղտնի չէին մնացած Աբաս Միրզայէն: Գահաժառանգ իշխանը համոզուած էր որ քանի Երմոլով Կովկասի կառավարչապետն է, Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ կարելի չէ հաստատել:

Աբաս Միրզա, անգլիական աջակցութեան վստահելով, սկսաւ պատերազմական պատրաստութիւններ տեսնել:

Երմոլով տեղեկագիր ուղարկեց Պետերբուրգ, յայտնելով որ պարսիկներ պատերազմի կը պատրաստուին: Սակայն կառավարութենէն հանգստացուցիչ պատասխան ստացաւ: Ռուսական կառավարութիւնը համոզուած էր որ Պարսկաստան չի համարձակիր պատերազմի ձեռնարկելու հզօր Ռուսաստանի դէմ: Իր կարգին Երմոլով ալ պէտք է խաղաղասէր եւ զիջող քաղաքականութեան հետեւի:

Երմոլով պատասխան նամակ ուղարկեց Պետերբուրգ, ըսելով որ ոչ ոք իրեն չափ կը հասկնայ դրութիւնը:

Իր կարգին Օսմանեան կայսրութիւնը Կովկասը գրաւելու ծրագիրներ ունէր եւ Անգլիոյ հետ միասին Պարսկաստանը Ռուսաստանի դէմ կը հրահրէր: Անգլիա կ՛աշխատէր վերակազմել եւ վերազինել թրքական բանակը` յարձակողական լայնածաւալ գործողութիւններու համար:

* * *

Ռուսաստանի Ալեքսանդր Ա. կայսր հարաւային Ռուսիա ուղեւորութեան ժամանակ բծաւոր տենդէ վարակուեցաւ եւ մահացաւ 19 նոյեմբեր (1 դեկտեմբեր) 1825-ին, Թականրոկի մէջ: Դիակը Պետերբուրգ փոխադրուեցաւ եւ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս տաճարին մէջ ամփոփուեցաւ:

Կայսեր մահէն ետք գահի ժառանգութեան համար պայքար սկսաւ: Ալեքսանդր Ա. եւ կայսրուհի Էլիզաւեթա (Լուիզ) ունէին երկու աղջիկ` Մարիա եւ Էլիզաւեթա: Կայսրը ունէր նաեւ ապօրինի զաւակներ. Մարիա Նարիշկինէն` Զենայտա, Սոֆիա եւ Էմմանուէլ, Սոֆիա Սերկիեւնայէն` Նիկոլայ, Մարկըրիթ Ճորճէն` Մարիա Ալեքսանդրովնա:

Ալեքսանդր Ա.ի եղբայրներ Կոստանդին եւ Նիկոլայ պայքարի դաշտ իջան: Բանակին մէկ մասը հաւատարմութիւն յայտնեց Կոստանդինին: Նիկոլայ 13 (25) դեկտեմբերին ինքզինք կայսր հռչակեց եւ ձեռք առաւ կառավարութեան ղեկը: Յաջորդ օր Պետերբուրգի կայազօրին մէկ մասը փողոց իջաւ եւ մերժեց հաւատարմութիւն յայտնել Նիկոլայի: Նիկոլայ հաւաքեց իրեն հաւատարիմ մնացած զօրքը եւ հրամայեց թնդանօթային կրակ բանալ ապստամբներուն դէմ, որոնք զոհեր տալէ ետք փախուստի դիմեցին:

* * *

Պետերբուրգի մէջ պատահած գահակալական կռիւներուն արձագանգը, չափազանցուած կերպով, հասաւ Պարսկաստան: Պարսիկներ եզրակացուցին, որ Ռուսաստան քաղաքացիական պատերազմի մէջ մխրճուած է եւ հաւանական է որ ռուսական զօրքերը Կովկասէն քաշուին: Հետեւաբար պատերազմի սկսելու ամէնէն յարմար ժամանակն է:

Աբաս Միրզա փութով Կովկաս ներխուժելու պատրաստութեան սկսաւ: Պարսկաստան գտնուող անգլիացի ռազմական խորհրդատուներ մշակեցին Կովկաս ներխուժելու ռազմական ծրագիրը: Պարսկական զօրագունդերը աստիճանաբար սկսան մօտենալ ռուսական սահմանագլուխ:

Շիի կրօնաւորներ անհաւատներու դէմ սրբազան պատերազմ սկսան քարոզել եւ գրգռել ժողովուրդը: Ուլեմաներու խորհուրդը Ռուսիոյ դէմ սրբազան պատերազմ յայտարարեց: Ամէն կողմէ հաւատքի համար կռուողներ` մուճահիտներ հաւաքագրուեցան: Նախատեսուած էր, որ տասնհինգ հազար մոլլաներ պիտի առաջնորդէին մուճահիտներու հսկայ բանակը:

Սրբազան պատերազմի կոչը ոտքի հանած էր նաեւ Կովկասի իսլամները: Կովկասէն պատգամաւորութիւններ կ՛ուղարկէին Թաւրիզ եւ Թեհրան, որոնք կը պահանջէին շուտով պատերազմի սկսիլ, իսլամները ռուսական լուծէն ազատելու համար: Պատգամաւորները իրենց հետ կանացի ծածկոցներ եւ շապիկներ կը տանէին, որպէսզի ամչցնեն պարսիկները, ըսելով որ անոնք կիներու նման վախկոտ են:

Մինչ մէկ կողմէ պատերազմի տենդագին պատրաստութիւններ կը տեսնուէին, միւս կողմէ Աբաս Միրզա Երմոլովի հետ բանակցութիւնները կը շարունակէր եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր պատգամաւորութիւն ուղարկել Պետերբուրգ` շնորհաւորելու Նիկոլայ Ա. կայսեր գահակալութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?