Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Կատարուած Է Երեկոյեան Ժամերգութիւն Եւ Օրհնութեան Կարգ
Փետրուար 4-ին` երիտասարդ զոյգերու եւ սիրահարներու բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարին, անոր որդի Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներու տօնին, Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է երեկոյեան ժամերգութիւն, այնուհետեւ` երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մատթէոս քհնյ. Դրաւանցը անդրադառնալով տօնի խորհուրդին` ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի ժամերգութիւն կատարենք եւ բարեխօսութիւնը հայցենք Սուրբ Սարգիսի, որ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդներու, սիրահարներու հովանաւոր բարեխօսը: Ան մշտապէս Աստուծոյ առջեւ բարեխօսած է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց յոյսը կապած են Արարիչին հետ: Ուստի այսօր կը յիշատակենք այդ տօնը եւ կը խնդրենք անոր բարեխօսութիւնը բոլորիս համար»:
Եկեղեցւոյ հաւատաւոր Արթուր Գրիգորեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ տօնը մեծ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ունի, որովհետեւ անիկա դարերու խորքէն եկած է:
«Երիտասարդութեան հետ կապուած ամէն ինչ շատ կարեւոր է, որովհետեւ երիտասարդութիւնն է հասարակութեան շարժիչ ուժը: Եւ եթէ այդ շարժիչ ուժը ունի Աստուծոյ օրհնութիւնը, ապա կրնայ նոյնիսկ իրականացնել անհնարը», աւելցուց Ա. Գրիգորեան:
Երեկոյեան ժամերգութեան եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգէն ետք մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնին նուիրուած հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկ:
Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի 800-Ամեայ Որմնանկարները Վերականգնման Կարիքը Ունին
Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին վանքի 800-ամեայ որմնանկարները, որոնք կ՛առանձնանան նիւթերու բազմազանութեամբ, կը շարունակեն վտանգուած մնալ: Մէկ մասը վնասուած է վանքէն ներս հոսած անձրեւաջուրերուն պատճառով, սակայն երկար տարիներ չեն վերականգնուած:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախագահ Յարութիւն Վանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ` «Ախթալայի որմնանկարներու վերականգնման հետ կապուած ծրագրաւորուած աշխատանք, ցաւօք, չկայ: Գիտէք, որ վերականգնման կարիք շատ մը յուշարձաններ ունին. անոնց թիւը 500-էն աւելի է, եւ տակաւին այդ ծրագրաւորուած չէ: Ոլորտին մէջ շատ ունինք ո՛չ միայն պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորման, այլեւ մասնաւորի հետ համագործակցութեան բաւականին լաւ փորձառութիւն` տարբեր յուշարձաններու վերականգնման գործին մէջ, եւ այստեղ բարերարներու կամ համապատասխան ֆինանսաւորման պարագային, ի հարկէ, պատրաստ ենք նաեւ այդ հարցը քննարկելու: Սակայն պետական ծրագրով տակաւին չէ նախատեսուած»:
Ախթալայի վանական համալիրի որմնանկարներու ստորին շերտը 11-րդ դարուն կատարուած է, անոնց գունազարդումը բնորոշ է բիւզանդական արուեստին, իսկ թեմաթիք լուծումները` հայկական մանրանկարչութեան. անոնք անմիջական աղերս ունին 11-րդ դարու հայկական մանրանկարչութեան, առանձնապէս` «Մողնու Աւետարանի» մանրանկարներու հետ: Վերին շերտի որմնանկարներու պատկերագրութիւնը, որ կատարուած է 13-րդ դարէն ետք, ոճով մօտ է բիւզանդական արուեստին: Հայկական մանրանկարչութեան հետ ոճական ընդհանրութիւնները, վրացերէն եւ յունարէն արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ որմնանկարները կատարած են յոյն քաղկեդոնական շրջաններու հայ նկարիչներ:
Երկշերտ բարձրարուեստ որմնանկարները կը պատկերեն Հին եւ Նոր կտակարաններու առանձին դրուագներ, սուրբերու պատկերներ, անոնց շարքին` Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերը: Խորանի գմբէթարդին գահին նստածը Մարիամ Աստուածածինն է` մանուկ Յիսուսը գիրկին (պահպանուած է որմնանկարին միայն մէկ մասը), անոնց տակը հաղորդութեան` խորհրդաւոր ընթրիքի տեսարանն է: Յիսուս պատկերուած է երկու անգամ` մերթ շրջուած դէպի աջ, եւ մերթ դէպի ձախ` առաքեալներու հետ հացը կիսելու ժամանակ:
Պահպանուած են Պետրոս, Յովհաննէս, Պօղոս առաքեալներու, Ղուկաս եւ Մատթէոս աւետարանիչներու պատկերները:
Քիչ մը աւելի վար ամբողջ հասակով պատկերուած են սուրբեր, ի թիւս որոնց` Հռոմի Սեղբեստրոս պապի, Յակոբ Տեառնեղբօր, Յովհան Ոսկեբերանի, Բարսեղ Մեծի, Գրիգոր Լուսաւորչի, Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Հռոմի Կլեմենտ պապի, Գրիգոր Սքանչելագործի, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Կիպրիանոս Կարթագենացիի պատկերները:
Արեւմտեան պատի որմնանկարներուն մէջ պատկերուած է երկնային արքայութիւնը, իսկ հիւսիսային պատին` Յիսուսի չարչարանքները, Կայիափայ քահանայապետն ու հռոմէական կառավարիչ Պիղատոս Պոնտացին: Կամարները, միջնապատերն ու սիւները նոյնպէս պատկերազարդուած են սուրբագրային նիւթերով եւ սուրբերու դիմապատկերներով:
2023 Թուականին Նախատեսուած Է Իրականացնել 12 Յուշարձանի Վերականգնում
Յուշարձաններու վերականգնման համար պետական պիւտճէէն յատկացուող միջոցները 2022 թուականի նախորդ երկու տարիներուն համեմատ աւելցած է շուրջ 30 առ հարիւրով` կազմելով շուրջ 400 միլիոն հայկական դրամ: Այս մասին յայտարարեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը:
Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, 2023 թուականին յատկացուած է 660 միլիոն, որ նախատեսուած է հասցնել 1 միլիառ հայկական դրամի:
«2027 թուականի պետական պիւտճէէն բնագաւառին յատկացումները նախատեսած ենք հասցնել մինչեւ 2 միլիառ հայկական դրամի: Այս գումարներուն հիմնական մասը կը ծախսուի գիտական նախագծային աշխատանքներու եւ բուն վերականգնումներուն համար: 2023 թուականին նախատեսած ենք իրականացնել 12 յուշարձանի վերականգնում», նշեց Ալֆրետ Քոչարեան եւ աւելցուց, որ վերականգնուող յուշարձաններուն թիւը այս տարի աննախադէպ է:
Նախարարի տեղակալին խօսքով, ոլորտի քաղաքականութեան մէջ ուշադրութիւնը ուղղուած է պետականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններուն` բերդերուն եւ ամրոցներուն.
«Համոզուած ենք, որ ասիկա կրթութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչն է, այսինքն անձը մանկութենէն պէտք է ճամբորդէ Հայաստանի տարածքին եւ տեսնէ այն բերդերը, ամրոցները, խորհրդանիշները, որոնք պատմական նշանակութիւն ունին երկրին եւ պետականութեան համար, ինչ որ անձին մօտ վերաբերմունք կը ձեւաւորէ իր երկրին նկատմամբ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով պետութիւն-սեփական հատուած համագործակցութեան` նախարարի տեղակալը ընդգծեց, որ այս համագործակցութեան ծիրին մէջ շարունակական վերականգնման հանգրուանին մէջ են գլխաւորաբար պաշտամունքային նշանակութեան աւելի քան 10 յուշարձաններ: Մինչեւ 2027 թուականը անոնց թիւը նախատեսուած է կրկնապատկել: Բարեփոխումներ նախատեսուած թանգարաններու ոլորտին մէջ նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան տեղեկացուց նաեւ, որ հիմնական բարեփոխումները նախատեսուած են թանգարաններու համար:
Ան մատնանշած է ելեկտրոնային տոմսային միասնական համակարգի ներդրումը, որ իբրեւ փորձնական ծրագիր` սկզբնական շրջանին կը ներդրուի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող թանգարաններու մէջ: Անիկա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ապահովելու թանգարանային այցելութիւններու համակարգուած կազմակերպում, տոմսային տնտեսութեան եւ նիւթական հոսքերու կառավարման ժամանակակից գործիքակազմի ներդրում:
«Այս ծրագիրը միտուած է ոլորտին մէջ թափանցիկութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ ներառած է յարմարաւէտութեան բաղադրիչը: Թանգարանի այցելուները կարելիութիւն կը ստանան ձեռք բերելու ելեկտրոնային տոմս, գնային ճկուն համակարգ` ստանալ զեղչ քանի մը թանգարանի տոմս ձեռք բերելու պարագային: Այս համակարգի ներդրումը ժամանակի հրամայական է. մրցոյթի առաջին փուլը արդէն տեղի ունեցաւ, երկրորդը պիտի յայտարարուի յառաջիկային», տեղեկացուց ան:
Լոյս Տեսաւ «Առնօ Բաբաջանեան. Երգեր Ձայնի Եւ Դաշնամուրի Համար» Ժողովածուն
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Հայաստանի Երաժշտական ընկերութեան եւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի աջակցութեամբ, «Կոմիտաս» հրատարակչութեան եւ «Էդիթ Պրինթ ՍՊԸ» տպարանի ջանքերով լոյս տեսաւ «Առնօ Բաբաջանեան. երգեր ձայնի եւ դաշնամուրի համար» ժողովածուն` 750 տպաքանակ օրինակով:
«Այսօր դժուար է պատկերացնել հայ էսդրատային երգի անցած պատմական ուղին` առանց Առնօ Բաբաջանեանի հիասքանչ երգերուն»` նախաբանին մէջ ընդգծեր է ժողովածուն կազմող, Հայաստանի Երաժշտական ընկերութեան նախագահ, Երեւանի պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Դաւիթ Ղազարեան:
Հաղորդենք, որ հրատարակութեան խմբագիրն է Երեւանի պետական երաժշտանոցի կոնցերտմայստերական ամպիոնի վարիչ Զառա Ղազարեանը, իսկ ձեւաւորողն է Մկրտիչ Մաթեւոսեանը:
Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ «Արիա-վոկալիզ» եւ տարբեր տարիներու հայերէնով ու ռուսերէնով գրուած ամէնէն յայտնի 27 երգերը:
Կատարուած աշխատանքը միայն երգերու հերթական հրատարակութիւն չէ: Երաժշտական «պաուզաներու» ձեւով` տպագրութեան հեղինակները ներառած են Առնօ Բաբաջանեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը արտացոլացնող լուսանկարներ, դրուագներ որդիին` Արա Բաբաջանեանի եւ ժամանակակիցներու յուշերէն, ինչպէս նաեւ ինքնատիպ խորհրդանիշ է երգահանին խառնուածքը ցայտուն «որսացած» մեծն բեմադրիչ Վարդան Աճեմեանի գծանկարը: Բարձրաճաշակ տպագրութեամբ ժողովածուն կ՛ընդգրկէ նաեւ QR քոտով հատուածներու անգլերէն տարբերակը կարդալու կարելիութիւն:
Շրջիկ Թանգարանը. Պատերազմէն 2 Տարի Անց Ալ Շուշիի Գորգերու Թանգարանէն Տարհանուած Գորգերը Մնայուն Հանգրուան Չունին
Շուշիի գորգերու թանգարանէն տարհանուած գորգերը, ասեղնագործութիւններն ու կարպետները 44-օրեայ պատերազմէն երկու տարի անց տակաւին մնայուն հանգրուան չգտան Հայաստանի մէջ: Այդ նմուշներէն մօտ յիսունը այժմ Վանաձորի Լոռի-Բամպակ երկրագիտական թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին, բայց` ժամանակաւոր:
Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեան հաղորդեց, որ գորգերը այդ թանգարանին մէջ կը գտնուին նոյեմբերէն: Թանգարանի տնօրէնութեան հետ համաձայնութիւն ունին, որ գորգերը այդտեղ մնան մէկ տարի, բայց Ասծատրեան մտադիր է ժամանակէն առաջ տեղափոխել զանոնք, առայժմ յստակ չէ, թէ ո՛ւր:
«Լոռի-Բամպակ երկրագիտական թանգարանին մէջ պայմաններու հետ կապուած հարցեր կան, այդ պատճառով կ՛ուզեմ տեղափոխել, որովհետեւ հարցին երկու տարիէն աւելի է, որ լուծում չէ տրուած, թանգարանին անունը շրջիկ դրած եմ, տարբեր քաղաքներ պէտք է շրջիմ, մինչեւ որ մշտական հանգրուան գտնեմ», ըսաւ Ասծատրեան:
44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Շուշիի գորգերու թանգարանէն տարհանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած գորգերը, ասեղնագործութիւնները եւ կարպետները ի սկզբանէ կը պահուէին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, 3 ամիս ետք այնտեղ նորոգութիւն սկսաւ, եւ 2021 թուականի փետրուարին ցուցանմուշները տեղափոխեցին Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան: Կը նախատեսուէր գորգերը այստեղ պահել 6 ամիս, բայց համապատասխան պահման վայրի բացակայութեան պատճառով անոնք մնացեր էին ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին մէջ: 2022 թուականի յունուար 30-էն անոնք ցուցադրութենէ հանուեցան եւ պահուեցան այդ թանգարանին մէջ: Փետրուարին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ, որ այդ գորգերը պիտի ցուցադրուին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, ուր, սակայն, վերանորոգման աշխատանքները պէտք էր աւարտէին ամրան, որմէ ետք միայն գորգերը պիտի տեղափոխուին այդ թանգարանը:
Պատերազմի ժամանակ Շուշիէն տարհանուած ժառանգութիւնը, սակայն, այդպէս ալ Պատմութեան թանգարան չտեղափոխուեցաւ: «Ստացուեր էր այնպէս, որ իբր թէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն հնչած էր Պատմութեան թանգարան տեղափոխելու առաջարկը, բայց ես մերժած էի իրենց առաջարկը: Պատմութեան թանգարանի տնօրէնութիւնը այնպիսի յայտարարութիւններ կը կատարէր, որ Շուշիի թանգարանէն տարհանուած գորգերը չտանիմ այնտեղ: Տնօրէնը կ՛ըսէր` կարելի չէ այնպէս մը ընել, որ երկու թանգարան ըլլայ մէկ թանգարանի մէջ, ես ալ կ՛ըսէի, որ իր վերադասն է այդ առաջարկը կատարողը, բայց պատասխան ստացայ, որ այդ մասին նոյնիսկ գրաւոր հրաման չկայ, հետեւաբար ինքը որեւէ պարտաւորութիւն չունի ընդունելու մեր գորգերը այդ թանգարանին մէջ: Եղած է այնպէս, որ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը աղմուկը ծածկելու համար, իբր թէ հարցը լուծած է այսպիսի առաջարկ ինծի ներկայացնելով, բայց ես չեմ համաձայնած անոր:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեանը կը խաբէր` ըսելով, որ հաստատ հարցը պիտի լուծենք, իսկ աւարտին խորհուրդ տուաւ ներդրող գտնեմ եւ անոնց հետ աշխատիմ: Ի դէպ, հարցը նոյնիսկ Ազգային ժողովի յանձնաժողովին քննարկուած էր, ինծի կը վստահեցնէին ու կը խոստանային, որ հարցը պիտի լուծուի, բայց յետոյ փոխնախարարին խօսակցութեան ձեւը փոխուեցաւ: Փաստօրէն զիս խաբած էին, որ ես հարցը փակեմ, մամուլին չբարձրաձայնեմ այդ մասին: Ցած մակարդակի դրսեւորումներ իրենց թոյլ կու տային: Իրենք չեն հասկնար, որ ինչի՛ դէմ կը պայքարին, իրենք կը մտածեն, որ իմ դէմս կը պայքարին, բայց խորքին մէջ կը պայքարին հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան դէմ», ըսաւ Վարդան Ասծատրեան:
Ինչ կը վերաբերի գորգերն ու միւս իրերը Արցախ տանելու մասին, ապա Ասծատրեան կը կարծէ, որ ատիկա իրատեսական չէ: Ժամանակին, ըստ Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիրին, այդ թեման լռեցնելու համար Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտարարեցին, թէ ամէն ինչ կ՛ընեն, որ հարցին լուծում տան եւ գորգերը տեղափոխեն Արցախ, բայց այդ ամբոխահաճութիւն էր:
«Հանրութեան աչքին փոշի ցանելու փորձ էր: Գորգերը Արցախ տանիլը կարելի չէ, որովհետեւ տակաւին պայմանագիր չկայ: Արցախի կառավարութենէն այսօր ես ոչ մէկ ակնկալիք ունիմ, մանաւանդ` շրջափակման պայմաններու մէջ», նշեց Վարդան Ասծատրեան:
Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիրին յոյսը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, որ պէտք է, ըստ անոր, պատերազմի ընթացքին փրկուած ժառանգութեան համար մնայուն հանգրուան ապահովէ:
«Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հայ ժողովուրդի մշակոյթի քաղաքականութիւնը վարողն է, իսկ այս թանգարանը մեր ժողովուրդի ժառանգութիւնն է: Նախարարութիւնը նոյնիսկ պէտք չէր ձգէր, որ այս վիճակին հասնէինք, ամէն ինչ պէտք չէր ընէր, որ թանգարանը շարունակէր գործել, միակ թանգարանն էր, որ բոլոր նմուշները հաւաստագիր ունին, գիտենք, թէ ո՛ր գիւղէն են: Աշխարհի մէջ չկայ գորգերու նման թանգարան, ուր 90 առ հարիւրէ աւելի նմուշներու վաւերագրութիւնը իմանան: Այս թանգարանին գորգերը ես ձեռք բերած եմ այն գիւղերէն, ուր անոնք ստեղծուեր են, անոնք գիտական ուսումնասիրման լաւ հարթակ են, մինչեւ հիմա ես չեմ հասկնար այն ամէնը, ինչ որ կը կատարուի, երբ պատկան մարմինները չեն փորձեր այդ գորգերուն մնայուն հանգրուանով ապահովել: Ուղղակի ամօթ է», նշեց Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիրը: