Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Կալուզին ընդունած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ հեռանկարները` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ 22 փետրուար 2022-ին կնքուած դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի կէտերու կատարման ծիրին մէջ:
Բացի ատկէ, քննարկուած են շարք մը արդիական միջազգային եւ շրջանային նիւթեր, ներառեալ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման հիման վրայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները: