Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վտանգաւոր Է, Երբ Նախագահը Կը Կարծէ, Որ Երկրին Մէջ Կեանքը Բարելաւուած Է» «Երկիր»-ին Կ՛Ըսէ Հրանդ Մարգարեան

March 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Երկիր» օրաթերթին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան 13-րդ համագումարին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած ճառին մէջ անոր անդրադարձած երկրին ընկերային-տնտեսական մարզի թիւերուն եւ դիտարկումներուն, ընդգծեց, որ նախագահը պէտք չէ տպաւորուի իր նշած թիւերէն եւ չմտածէ, որ Հայաստանի վիճակը լաւ կամ աւելի լաւ է: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ վատ է, եթէ ատիկա քարոզչութեան նպատակով եղած ելոյթ էր, իսկ վտանգաւոր է, եթէ նախագահը կը կարծէ, որ երկրին մէջ կեանքը բարելաւուած է:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ նախագահը իր ելոյթին մէջ նշած էր, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները նպաստած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին, Հ. Մարգարեան նկատել տուաւ, որ իշխանութիւնը այդ տխրահռչակ արձանագրութիւններու ստորագրման փաստը արդարացնելու համար կը փորձէ իրականութիւնը ծուռ հայելիի մէջ ներկայացնել: Հրանդ Մարգարեան շեշտեց, որ երբ արձանագրութիւնները հրապարակուեցան, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը մէկ անգամէն ուժեղ հարուած ստացաւ եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ հոլովոյթը կասեցաւ իբր թէ «հայ-թրքական հաշտեցումը չխանգարելու» մտայնութեամբ, եւ այդ ընթացքը տրամաբանօրէն պէտք է շարունակուէր, եթէ արձանագրութիւնները վաւերացուէին: Ան աւելցուց, որ երբ յստակացաւ, որ այդ արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին, եւ փոխուեցաւ նաեւ Հայաստանի կեցուածքը, բնականաբար շարունակուեցաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կասեցուած ընթացքը: Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, այսօրուան ձեռքբերումները ոչ թէ չարաբաստիկ արձանագրութիւններուն արդիւնքն են, այլ անոնք կեանքի չկոչուելու հետեւանք: Ան ընդգծեց, որ օր առաջ Հայաստան պէտք է վերցնէ իր ստորագրութիւնը այդ արձանագրութիւններէն եւ նախաձեռնէ իսկապէս առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու հոլովոյթին:

Անդրադառնալով այն կէտին, որ նախագահի ելոյթին մէջ կային ապագային միտուած հաստատումներ եւ ցանկութիւններ, Մարգարեան նշեց, որ «նախորդ տարիներուն շատ խօսքեր լսած ենք, որոնք իրականութիւն չեն դարձած եւ նոյնիսկ եթէ յատուկ ճիգ թափուի, կարելի չէ յոյսեր կապել նոր ըսուած խօսքերուն հետ»: Ըստ անոր, արդար ըլլալու համար պէտք է գոհունակութեամբ անդրադառնալ նախագահի ելոյթի հայրենասիրական ոճին:

 

Նախորդը

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի Համակարգողի Եւրոպա Այցելութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հանրութենէն Ու Ազգէն Գողցողը Կը Գողնայ Նաեւ Իր Անձէն Ու Ընտանիքէն»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.