Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ «Արտերկրի լիբանանցիներու օր»-ուան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն, որ ազատ եւ միասնական Լիբանանի դրօշը բարձր պահեն եւ նախանձախնդիր ըլլան արդար դատեր ունեցող ժողովուրդներուն զօրակցելու:
Մանսուր շեշտեց նաեւ Լիբանանի հետ իրենց կապը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ամէն գնով այդ յարաբերութիւնները զարգացնել:
«Միւս կողմէ, մենք կը փափաքինք յաջողեցնել ձեր մասնակցութիւնը` երկրին քաղաքական կեանքին, ապահովելով քուէարկութեան մասնակցելու ձեր իրաւունքը», նշեց Մանսուր:
Այս առիթով Մանսուր ողջունեց արտերկրի բոլոր լիբանանցիները եւ անոնց փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:
Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան Սուրիայէն պաշտօնական ոչ մէկ պահանջ ստացած է` Լիբանանի մէջ ձերբակալուած սուրիացի զինեալները իրեն յանձնելու առումով:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ձերբակալուած սուրիացի զինեալները դատավարութեան կ՛ենթարկուին` աւելցնելով, որ Լիբանան երբեք չի զլանար հիւսիսային Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցով:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կատարած յայտարարութիւններուն` Մանսուր յայտնեց, որ որեւէ երկրի դեսպան պէտք է իմանայ եւ գիտակցի դիւանագիտական իր իրաւունքներուն` առանց զանոնք շրջանցելու:
«Մենք կը մերժենք որեւէ յայտարարութիւն, որ հրահանգի ձեւով կը կատարուի եւ ներքին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն գերզգայնութիւն կը պատճառէ, իսկ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքն է ինքզինք այդ տագնապէն չէզոք պահելու կեցուածքը, որմէ անշեղ կը մնանք», ընդգծեց Մանսուր:


