Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Չիփ Լէյթինեն մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ վատթարացող մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ:
«Արմէնփրես»-ին այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Չիփ Լէյթինեն ընդգծած է միջանցքով ազատ տեղաշարժի լիարժէք վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը դրացիներու հետ խաղաղ համագոյակցող, գերիշխան, անկախ եւ ժողովրդավար Հայաստանին:


